Տինքի Գործով Ձերբակալուած Վերջին Երկու Անձերը Ազատ Արձակուած Են

Եաւուզ եւ Հայալ

Եաւուզ եւ Հայալ

Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով երեք օր առաջ Տրապիզոնի մէջ ձերբակալուած Օսման Հայալն ու Զէյնել Ապիտին Եաւուզը ազատ արձակուած են:

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանի վճիռը մասամբ բեկանելէ ետք 18 կասկածեալներու գործը դարձեալ քննելու որոշում տրուած էր:

Դատական նիստին չներկայանալու պատճառով անոնցմէ երկուքին` Օսման Հայալի եւ Զէյնել Ապիտին Եաւուզի դէմ ձերբակալութեան որոշում տրուած էր:

Անոնք հինգշաբթի օր վկայութիւն տուած են, որմէ ետք ազատ արձակուած են` երկրէն չհեռանալու պայմանով:

 

Share this Article
CATEGORIES