Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Շանթ Յարութիւնեանին Եւ Միւս Կալանաւորներուն
«Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն», «Հայաստանը առանց քաղաքական բանտարկեալներու», «Դէմ ենք Մաքսային միութեան ու անոր կողմնակիցներուն», «Կը պահանջենք արդարութիւն»` այդպիսի վերտառութեամբ պաստառներով ու դրօշներով երէկ Ազատութեան հրապարակէն սկսաւ քայլերթը` աջակցութիւն ցուցաբերելու 5 նոյեմբերին իրադարձութիւններուն պատճառով կալանաւորուած Շանթ Յարութիւնեանին եւ անոր ընկերներուն ու ընդդէմ Մաքսային միութեան:
Շանթ Յարութիւնեանին զօրակցելու եկած էր նաեւ վերջերս արտերկրէն վերադարձած Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
«Կը միանամ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ յատկապէս երիտասարդներու ու Շանթի ընտանիքի պահանջին առ այն, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ որեւէ քաղաքական բանտարկեալ ըլլայ: Ես Շանթ Յարութիւնեանը յառաջատար քաղաքացի կը նկատեմ եւ կը նկատեմ, որ ինք որեւէ առնչութիւն չունի ո՛չ հոգեբուժարանի, ո՛չ ալ քրէակատարողական հիմնարկի հետ: Անոր մասին պէտք է մտածեն անոնք, որոնք իբրեւ այս ապօրինի վարչակարգի ներկայացուցիչներ իրեն այդտեղ ուղարկած են: Ես եկած եմ զօրակցելու` իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, եւ կը դատապարտեմ քաղաքական բանտարկեալներու առկայութիւնը», ըսաւ Յովհաննէսեան:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները Ազատութեան հրապարակէն քալեցին նախ դէպի կառավարութեան գլխաւոր մասնաշէնք, որուն դիմաց տեսնելով իր ծառայողական ինքնաշարժով հեռացող արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանը, սկսան վանկարկել «ամօթ», ինչ որ վրդովեցուց նախարարը, եւ ան իջաւ ինքնաշարժէն:
«Ո՞վ էք դուք, որ ինծի ամօթ կ՛ըսէք, ամօթ ձեզի», ըսաւ նախարարը:
Ինչ կը վերաբերի Շանթ Յարութիւնեանի նկատմամբ տեսակցութիւններու ու հեռախօսային խօսակցութիւններու արգելքին, ապա արդարադատութեան նախարարը յայտնեց, որ այդ հարցին ինք չի կրնար պատասխանել, քանի որ ատիկա նախաքննական մարմինի գործն է. «Շանթ Յարութիւնեան ինծի համար կալանաւոր է եւ ունի առողջական խնդիրներ` իր հացադուլին պատճառով: Եւ ինծի համար կապ չունի, թէ ինչի համար է… ես իր առողջութեան պատասխանատուն եմ եւ ամէն ինչ կ՛ընեմ, որ իր առողջութեան որեւէ բան չսպառնայ»:
Անդրադառնալով այն պնդումներուն, որ Շանթ Յարութիւնեան քաղաքական բանտարկեալ է, նախարարը յորդորեց դիմել նախաքննական մարմիններուն: «Այսինքն, եթէ որեւէ մէկը այլ բան ընէր եւ պատասխանատուութեան չենթարկուէր եւ ինք ենթարկուէր, ես կ՛ըսէի: Ես կը ժխտեմ, որ ինք քաղաքական հայեացքներու համար կալանաւորուած է»:
Կառավարութեան առջեւէն երթի մասնակիցները քալեցին դէպի գլխաւոր դատախազութիւն, որուն առջեւ պահանջեցին դադրեցնել Շանթ Յարութիւնեանի ու անոր ընկերներուն, ինչպէս նաեւ կալանաւորուած պահեստազօրի փոխգնդապետ Վոլոտիա Աւետիսեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը, նաեւ հանել տեսակցութիւններու եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու արգելքը:
Դատախազութեան առջեւ քայլերթի մասնակիցներուն միացած էր նաեւ Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, որ արտառոց որակեց ստեղծուած իրավիճակը:
«Կարեւոր չէ, թէ Շանթը եւ իր ընկերները ինչի համար բանտարկուած են: Անշուշտ, ինք ինծի համար ակնյայտ քաղաքական բանտարկեալ է, բայց նոյնիսկ եթէ մէկ կողմ դնենք այդ բոլորէն դուրս իրավիճակը, բանտարկութեան դատապարտուած մարդը հացադուլ կ՛ընէ իր հարազատները տեսնելու պահանջով: Այսինքն, ասիկա քաղաքական դրդապատճառներու հետ ալ կապ չունի, արտասովոր եւ արտառոց երեւոյթ մըն է, որովհետեւ եթէ դուն մարդուն իր հարազատները, անչափահաս զաւակը տեսնելու իրաւունքէն կը զրկես, կը նշանակէ դուն վերադարձած ես ամէնէն մռայլ նախնադար», ըսաւ Հայրիկեան:
Շանթ Յարութիւնեան Դադրեցուց Հացադուլը
«Ցեղակրօն» կուսակցութեան առաջնորդ, Երեւանի մէջ նախորդ տարուան 5 նոյեմբերին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով կալանքի տակ գտնուող Շանթ Յարութիւնեան դադրեցուցած է հացադուլը:
Անոր փաստաբանը փոխանցեց նաեւ, որ իր պաշտպանեալին դատաբժշկական փորձաքննութեան արդիւնքները ստացած են, եւ ըստ քննիչին` ան մեղսունակ է:
Նախանցեալ օր 17 օր հացադուլի մէջ գտնուող Շանթ Յարութիւնեանի վիճակը վատացած էր, եւ ան տեղափոխուած էր դատապարտեալներու հիւանդանոց:

