Քաղաքացիական Նախաձեռնութեան Առաջարկով. Ոչ Իշխանական Չորս Կուսակցութիւնները 18 Յունուարին Հանրահաւաք Պիտի Կազմակերպեն

Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ երէկ խորհրդարանական 4 խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, եւ Ժառանգութիւնը միացեալ խորհրդակցութիւն կատարեցին:
Ան նշեց, որ որոշում տրուեցաւ 18 յունուարին կազմակերպելու հանրահաւաք մը, որուն նպատակն է Սահմանադրական դատարանէն պահանջել կասեցնել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային նոր համակարգի կիրարկման մասին օրէնքի գործադրումը` մինչեւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ այդ օրէնքին վերաբերեալ որոշման ընդունումը:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ հանրահաւաքը կը կազմակերպուի քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու հետ միասին` անոնց առաջարկով: «Մենք ընդունեցինք քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու այդ առաջարկը եւ որոշեցինք հանդէս գալ միացեալ ուժերով», ըսաւ ան:
Ռուստամեան աւելցուց, որ խորհրդարանական 4 ուժերը նախանշած են կարեւորագոյն հարցերը, որոնց շուրջ պէտք է միացեալ կեցուածքով հանդէս գան:

