Խորհրդարանական Ոչ Իշխանական Ուժերը Այսուհետեւ Համատեղ Հանդէս Պիտի Գան

logo«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով` Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները եւ այլընտրանքային Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը միացեալ նիստ գումարած են: Տեղեկութիւնը հաստատեց ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին: Ան նշեց, որ միացեալ հաւաքի ընթացքին յստակացան հետագայ միացեալ գործողութիւններու ծրագիրները, ընելիքները, քայլերը եւ մարտավարութիւնը:

«Միանշանակ, մեր բոլոր քայլերը պիտի ըլլան միասին, մենք փոխհասկացողութիւն ունինք` լրջագոյն հարցերու վերաբերեալ, ինչ որ ես շատ կարեւոր կը նկատեմ: Մենք միացեալ գործողութիւններու ծրագիրը քննարկած ենք երկար ժամանակ. սկիզբը քննարկուած են նախաձեռնող խումբի ներկայացուցիչներու հետ, այնուհետեւ` առանձին` 4 քաղաքական ուժերու ձեւաչափով: Մենք քննարկած ենք միացեալ գործողութիւնները, որոնք բաւական լուրջ են», ըսաւ Զոհրաբեան:

Share this Article
CATEGORIES