Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կ՛անդրադառնաք, թէ ձեր գործունէութիւնը կը դանդաղի նոր որոշուած գործելակերպի պատճառով, անմիջապէս վերադարձէք ձեր աշխատանքային նախկին ձեւին, ապա որոնեցէք պատճառներ եւ լուծումներ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախազգուշութիւնը լաւագոյն միջոցն է խուսափելու հաւանական սխալներէ կամ նախազգացումի ճամբով հաւանական ձախողութենէ: Իմաստութիւնը արդէն այս է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տկարամիտին հետ վիճիլը անօգուտ է. նման պարագաներու լաւագոյն միջոցը լռութիւնն է, որով կրնայ գոհանալ շատախօս խօսակիցը: Մի՛ տեսնուիք ձեզ ժամավաճառ ընող անձերու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր որոշումները համապատասխան չըլլան ձեր շրջապատի տեսակէտներուն, մի՛ պնդէք, այլ համախոհութեան եզր մը գտէք հարցը կարգադրելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամ փոխ մի՛ տաք այնպիսի անձերու, որոնց նոր ծանօթացած էք: Եթէ պիտի չկարենաք ձեր իրաւունքը պաշտպանել անարդարութեան մը պարագային, խնդրանքը մերժելը շահ նկատեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հոգեմտաւոր ընթերցանութիւնը կամ մշակութային մթնոլորտի մէջ ձեր ժամերը անցընելը պիտի նախընտրէք, անպայման պիտի օգտուիք: Հետեւեցէք ձեր նախազգացումին, ներքին ձայնին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անդրադարձէք ձեր առած սխալ մէկ քայլին եւ փորձեցէք վերականգնել ձախող որոշումներուն հետեւանքները: «Հազար չափէ, մէկ կտրէ», կ՛ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան ձեր ծրագիրը առ այժմ մէկ կողմ դրէք, որովհետեւ ներկայիս յարմարութիւն չունիք: Այս ծրագիրը ձգեցէք գարնան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկու միտքերու փոխանակած կարծիքները կրնան յառաջդիմութիւն բերել ձեր նպատակին: «Խելքը խելքէն բարձր կրնայ ըլլալ»: Մի՛ ապաւինիք լոկ ձեր գիտութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզմէ հեռու ապրող անձէ մը պիտի իմանաք յաջողութեան լուրեր: Մի մոռնաք շնորհաւորելու այդ անձին յաջողութիւնը գոնէ բարոյապէս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամիսը ձեզի պիտի յիշեցնէ ձեր բախտին աստղին ազդեցութիւնը: Ունիք այն համոզումը, թէ ծնած էք փայլուն աստղի մը տակ: Այս միտքը կ՛օգնէ ուրախ օր մը ունենալու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան, մանաւանդ ցուրտին, լաւ պաշտպանուեցէք, հեռու մնացէք կրիփով վարակուած անձերէ եւ խճողուած վայրերէ:

