50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1964)
Ազգային Յուղարկաւորութիւն
Նախագահ Խուրիի
Մարոնի Պատրիարք Գերապատիւ Մէուշի
Անձամբ Պիտի Նախագահէ Յուղարկաւորութեան,
Որ Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրբ Գէորգ Տաճարին Մէջ
Հանրապետութեան Նախագահը Պիտի Ներկայացնէ
Վարչապետ Քարամէ
Լիբանան սուգի մէջ է: Ժամանակակից ազգային պատմութեան ամէնէն մեծ դէմքերէն մէկը` հանրապետութեան նախկին նախագահ շէյխ Պշարա Խուրի մեռաւ շաբաթ գիշեր` երկարատեւ եւ դժնդակ հիւանդութենէ մը ետք, զոր կրեց հազուագիւտ համբերութեամբ մը, վճռական ոգիով եւ տպաւորիչ պայծառութեամբ:
Այսօր` երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ ազգային յուղարկաւորութիւն: Պատրիարք Մէուշի անձամբ պիտի նախագահէ արարողութեանց, որոնք ժամը 10:00-ին տեղի պիտի ունենան Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ, ի ներկայութեան Ռաշիտ Քարամէի, որ պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահը:
Ազգային սուգ հռչակուեցաւ երեք օրուան համար` կիրակի, յունուար 12-էն սկսեալ: Միւս կողմէ, պաշտօնական զեկոյցով, այսօր կառավարական վարժարանները փակ պիտի ըլլան, իսկ պետական պաշտօնեաներուն պիտի արտօնուի գրասենեակներէն հեռանալ` յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար:
Երէկ ամբողջ օրը մեծ թիւով պաշտօնական անձնաւորութիւններ, օտար եւ լիբանանցի, Խուրի ընտանիքի բնակարանը (Քանթարի փողոց) երթալով` ցաւակցութիւն յայտնեցին հանգուցեալի տղուն եւ պարագաներուն:
Մարմինը Քանթարի փողոցէն պիտի վերցուի ժամը 9:30-ին: Թափօրը պիտի երթայ մարոնիներու մայր տաճարը, անցնելով Քանթարի, Ֆրանսա, Պապ Իտրիս, Ռիատ Սոլհ եւ Էմիր Պեշիր փողոցներէն:
Թաղումը տեղի պիտի ունենայ Ռաս Նապեհի գերեզմանատան մէջ, ուր թափօրը պիտի երթայ` Պշարա Խուրի եւ Դամասկոս փողոցներէն անցնելով:
Երթեւեկը այս առտու ժամը 7:00-էն սկսեալ պիտի արգիլուի Քանթարի, Ֆրանսա, Քաբուչիներ, Սոքոնի, Ռիատ Սոլհ, Էմիր Պեշիր, Պշարա Խուրի, Քանաան կայարանի, Դամասկոս, Նասրա, Իսհակ պըն Հոնէյն եւ Ռաս Նապեհ փողոցներուն մէջ:
Սուրիական Պատուիրակութիւն Մը
Դամասկոսէն ԱՖՓ գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ յեղափոխութեան ազգային խորհուրդի հրամանատարութեան նախագահ եւ փոխվարչապետ զօրավար Մոհամետ Օմրան կիրակի օր ղրկած է երկու ցաւակցական հեռագիրներ, մէկը Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի, միւսը շէյխ Խալիլ Խուրիի` նախագահ Պշարա Խուրիի մահուան առթիւ:
Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրէ կը յայտարարեն, թէ արդարութեան նախարար Մազհար Ամպարիի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ յեղափոխական հրամանատարութեան ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եուսեֆ Խապպազի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ դեսպան Ֆերիտ Շահլաուիի, պատուիրակութիւն մը պիտի ներկայացնէ սուրիական կառավարութիւնը` նախագահ Խուրիի յուղարկաւորութեան:
Կենսագրական Գիծեր
Պշարա Խալիլ Խուրի ծնած է Պէյրութ 1890-ին: Երկրորդական ուսումը ստացած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ: 1909-ին մեկնած է Փարիզ` իրաւաբանութիւն ուսանելու: 1912-ին վերադարձած է Պէյրութ` վկայուած:
Առաջին ընդհանուր պատերազմին, Լիբանանի անկախութիւնը պահանջող աղերսագիր մը ստորագրած ըլլալով` փախած է Եգիպտոս ու Պէյրութ վերադարձած է 1919-ին: 1922-ին հիմնած է «Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը Ժան տը Ֆրեժի, Էմիլ Էտտէի, շէյխ Եուսեֆ Ճեմայելի, Էմիլ Խաշոյի եւ Միշել Շիհայի հետ:
1926 մայիսին առաջին անգամ ըլլալով նախարար եղած է, Օկիւսթ Ատիպի վարչակարգին օրով:
1928-ին, նախագահած է երեք կառավարութիւններու: 21 սեպտեմբեր 1943-ին ընտրուած է հանրապետութեան նախագահ: 10-11 նոյեմբեր 1943-ի գիշերը ձերբակալուած է բազմաթիւ լիբանանցի ղեկավարներու հետ տարուած Ռաշայայի բերդը: Երկրին մէջ յեղափոխութիւն ծագած ըլլալով, նոյեմբեր 22-ին, Պշարա Խուրի եւ միւս ձերբակալեալները վերադարձուած են եւ վերահաստատուած իրենց պաշտօններուն վրայ:
27 մայիս 1948-ին վերընտրուած է հանրապետութեան նախագահ, բայց ընդդիմութիւնը հետզհետէ զօրացած ըլլալով, հրաժարած է 18 սեպտեմբեր 1952-ին:
Անկէ ի վեր, գործօն մասնակցութիւն չբերաւ երկրի քաղաքական կեանքին` արժանանալով բոլորի յարգանքին:

