Թուային Ժամանակներու Մէջ. Լեռնային Բնանկար Մը…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
…ԿԱՄ` «ՊՐԻԹԱՆԻՔԱ» ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԻՆ ՆՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՔԸԼՈՍԸԼ» ԿԱՅՔԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ԳԻՐՔԵՐՈՎ ՔԱՆԴԱԿՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԿԻ ԼԱՐԱՄԷԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՅՂԱՑՔԸ:
Գիրքերով քանդակելու իր ամէնէն փառահեղ ծրագիրով` Կի Լարամէ այս անգամ յարգանքի տուրք կը մատուցէ «Պրիթանիքա» հանրագիտարանին եւ անոր 24 հատորներու շարքը կը վերածէ լեռնային ելեւէջներով բնանկարի: Քանդակագործը կը բացատրէ, թէ «Ատիօ» վերնագիրով այս գործին ներշնչման աղբիւրը անցեալ տարուան սկիզբը «Պրիթանիքա» հանրագիտարանին հրատարակիչներուն այն յայտարարութիւնն էր, թէ իր առաջին հրատարակութենէն 244 տարի ետք անիկա այլեւս լոյս պիտի չտեսնէ գիրքերու շարքով:
Արուեստագէտը դէպի Էքուատոր, Փերու եւ Պրազիլ կատարած իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին իր տեսած բնաշխարհի երեւոյթները քանդակած է «Պրիթանիքա»-ի շարքերու գագաթին, ուր կանաչապատ լեռներ կը միաձուլուին կանաչապատ դաշտերու եւ կիսանապատային տափաստաններու հետ:



