Թուային Ժամանակներու Մէջ. Լուրերը Վատ Են
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԼՈՒՐԵՐԸ ԿԸ ՎՆԱՍԵՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ, ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ՎԱԽ ԵՒ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ, Կ՛ԱՐԳԵԼԱԿԵՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՄՂՈՒՄԸ ԵՒ ԽՈՐ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՄԸ ՄԷՋ, ՈՒՐ ՆՄԱՆ ՆԻՒԹ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼԸ ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԿԱՏԵԼ: ՄԻՆՉ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԿԸ ՄՐՑԻՆ` ԱՄԷՆԷՆ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԼՈՒՐԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԱՆԴԻՆ` «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՌՈԼՖ ՏԵՊԵԼԼԻ* ԿԸ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԷ ԱՆՈՆՑ ԱՆՎԵՐՋ ՀՈՍՔԻՆ ՀԱԿԱԹՈՅՆԸ. ՉԼՍԵԼ ԿԱՄ ՉԿԱՐԴԱԼ ԼՈՒՐԵՐԸ, ԵԹԷ Կ՛ՈՒԶԵՆՔ ԱՒԵԼԻ ՈՒՐԱԽ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՊՐԻԼ:
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ոմանք բախտը ունեցած են անդրադառնալու սննդեղէնի առատութեան վնասներուն, ինչպէս` սոնքութիւն եւ շաքարախտ, եւ սկսած են բարեփոխել իրենց սննդականոնը: Սակայն շատեր տակաւին չեն հասկցած, թէ լուրերը ուղեղին վրայ կ՛ունենան նոյն ներգործութիւնը, ինչ որ շաքարը` մարմնին: Լուրերը մարսելը դիւրին է: Լրատուամիջոցները մեզ կը սնեն սնամէջ նիւթերու պատառներով, որոնք իրականութեան մէջ ոչ մէկ կապ ունին մեր կեանքին հետ եւ չեն պահանջեր, որ գործի լծենք մեր ուղեղը: Այս պատճառով է, որ գրեթէ երբեք չենք յագենար լուրերէն: Ի տարբերութիւն գիրք մը կամ շաբաթաթերթերու երկար յօդուածներ կարդալու, որոնք մտածել կը պահանջեն, կրնանք կուլ տալ անսահման քանակութեամբ կարճ լուրեր, որոնք գունաւոր շաքարի ներգործութիւնը ունին ուղեղին վրայ: Այսօր տեղեկութիւն սպառելու մէջ հասած ենք տեղ մը, ուր կը գտնուէինք 20 տարի առաջ` ուտելիք սպառելու մէջ: Սկսած ենք անդրադառնալ, թէ որքա՛ն թունաւոր են լուրերը:
Լուրերը Սխալ Տեղ Կ՛առաջնորդեն
Օրինակ, նկատի ունենանք հետեւեալ դէպքը. ինքնաշարժ մը կ՛անցնի կամուրջի մը վրայէն եւ կամուրջը փուլ կու գայ: Լրատուամիջոցները ի՞նչ բանի վրայ կը կեդրոնանան. ինքնաշարժի՞ն, ինքնաշարժը քշող անձի՞ն, եկա՞ծ վայրին, գացա՞ծ վայրին, կամուրջին փլուզումը ապրելու փորձառութեա՞ն (եթէ քշողը վերապրեցաւ): Իրականութեան մէջ այս բոլորը երկրորդական են: Իսկ ի՞նչ բան առաջնահերթ է. կամուրջին կառուցային ամրութիւնը: Հո՛ն էր թաքուն վտանգը, որ կրնայ թաքնուած ըլլալ նաեւ այլ կամուրջներու մէջ: Սակայն ինքնաշարժը մարմին ունեցող բան մըն է, ցնցիչ է, անձ մը կայ անոր մէջ, շատ աժան հրապարակելի լուր մըն է: Լուրերը մեր ուղեղը կ՛առաջնորդեն բոլորովին սխալ քարտէսներով: Այսպէս` լուրերու մէջ չափէն աւելի տեղ կը տրուի ահաբեկչութեան, իսկ մարդկութեան ապրած հոգեկան լարուածութիւնը կը ստորագնահատուի: Դրամական սպասարկութիւններու համաշխարհային «Լիմըն Պրատըրզ» ընկերութեան քայքայումը կ՛արժանանայ լայն ուշադրութեան, սակայն ելեւմտական հարցերու մէջ անպատասխանատուութիւնը կը ստորագնահատուի: Աստղանաւորդները կը գերագնահատուին, հիւանդապահները կը ստորագնահատուին:
Մտային բաւարար ուժը չունինք` ընկալելու լուրերը: Պատկերասփիւռի պաստառին վրայ օդանաւի ջախջախումի տեսարան մը կը շրջէ ընկալումը նման վտանգի մը, անկախ անոր հաւանականութենէն: Եթէ կը կարծենք, թէ կրնանք խորհրդածելու մեր ներքին ուժով հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել, կը սխալինք: Դրամատան պաշտօնեաներ եւ տնտեսագէտներ, որոնք կ՛ենթադրենք, թէ հզօր կարողութիւնը ունին հակազդելու լուրերէն ծնունդ առած վտանգներուն, ապացուցած են իրենց անկարողութիւնը: Միակ լուծումը ինքզինք ամբողջութեամբ լուրերէն անջատելն է:
Լուրերը Կապ Չունին Մեզի Հետ
Վերջին 12 ամիսներուն ձեր կարդացած 10 հազար լուրերէն գէթ մէկը արդեօք առիթ տուա՞ծ է, որ լուրջ որոշում մը կայացնէք ձեր կեանքին, ասպարէզին կամ գործին մէջ լուրջ հարցի մը վերաբերեալ: Այլ խօսքով` լուրերու սպառումը կապ չունի մեզի հետ: Սակայն մարդիկ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ բան կապ ունի իրենց կեանքին հետ: Շատ աւելի դիւրին է ճանչնալ այն, ինչ որ նորութիւն է: Իսկ ինչ որ կապ մը կրնայ ունենալ մեզի հետ եւ ինչ որ նորութիւն է, արդէն կը հակասեն զիրար: Իրօք, մեր ժամանակներու հիմնական պայքարը կը մղուի անոնց միջեւ: Լրատուամիջոցներ կ՛ուզեն, որ հաւատանք, թէ լուրերը ձեւով մը մեզի կ՛ընձեռեն մրցունակութեան առաւելութիւն մը: Շատեր կ՛իյնան այս ծուղակին մէջ: Անձկալից վիճակ մը կ՛ապրինք, երբ կը խզուինք լուրերու հոսքէն: Իրականութեան մէջ լուրերու սպառումը անպատեհութիւն մըն է մրցունակութեան մէջ: Որքան քիչ լուրեր սպառենք, այնքան աւելի առաւելութիւններ կը վայելենք:
Լուրերը Արտասովոր Ուժ Մը Չունին
Լուրերը կը նմանին աշխարհի խորերէն բարձրացող պղպջակներու: Արդեօք տեղեկահաւաքը կ՛օգնէ՞ մեզի հասկնալու աշխարհը: Դժբախտաբար` ո՛չ: Հակառա՛կը ճիշդ է: Խորքին մէջ կարեւոր լուրերը անկարեւո՛ր լուրերն են. դանդաղ շարժումները, որոնք կը զարգանան լրագրողներու ալեհաւաքներուն շուքին, սակայն ունին բան մը փոխելու ներգործութիւն: Որքան աւելի «մանր լուրեր» սպառենք, նուազ կը հասկնանք ամբողջական պատկերը: Եթէ յաւելեալ տեղեկութիւնը կ՛առաջնորդէ տնտեսական աւելի մեծ յաջողութեան, ապա լրագրողները պէտք էր ըլլային աշխարհի ամէնէն հարուստ անձերը: Սակայն այդպէս չէ:
Լուրերը Կը Թունաւորեն Մարմինը
Լուրերը տեւաբար կը գրգռեն ուղեղին մէջ զգացական վարմունքի վերաբերող ջղային կառոյցները: Խուճապ ստեղծող լուրերը մարմնին մէջ կը շղթայազերծեն քորթիզոլ հորմոնի ալիքներ: Ասիկա կը խանգարէ մեր մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կ՛արգելակէ աճման նպաստող հորմոններու արտադրութիւնը: Այլ խօսքով` մարմինը կը մատնուի հոգեկան տեւական լարուածութեան: Քորթիզոլի բարձր համեմատութիւնները կը պատճառեն անմարսողութիւն, բջիջներու, մազի եւ ոսկորի աճի խանգարում, ջղագրգռութիւն, վարակիչ հիւանդութիւններու հակամէտութիւն: Հաւանական կողմնակի այլ ազդեցութիւններ են վախը, յարձակողական տրամադրութիւնը, տեսողութեան տկարացումը, զգացողութեան կորուստը:
Լուրերը Կը Բազմացնեն
Իմացական Սխալները
Լուրերը կը սնուցեն իմացական սխալներու աղբիւրը` հաստատումով մը ստեղծուած կողմնակալութիւնը: Ամերիկացի մեծահարուստ գործատէր Ուորըն Պաֆէթի բառերով` «մարդը ամէնէն աւելի վարպետ է բոլոր նոր տեղեկութիւնները վերլուծելու այնպիսի ձեւով, որ նախորդ իր եզրակացութիւնները անխաթար պահպանուին»: Լուրերը կը վատթարացնեն այս թերութիւնը: Կը դառնանք հակամէտ` գերվստահութեան, կը դիմենք յիմար եւ վտանգաւոր քայլերու, սխալ կը դատենք առիթները: Լուրերը նաեւ կը վատթարացնեն իմացական այլ թերութիւն մը. լուրի մը ստեղծած կողմնակալութիւնը: Մեր ուղեղը ունի «հասկնալի» պատմութիւններ լսելու մարմաջը, նոյնիսկ, երբ անոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան: Իրականութեան մէջ յիմար է այն լրագրողը, որ կը գրէ` «շուկային մէջ շարժում ստեղծուեցաւ այս պատճառով» կամ` «ընկերութիւն մը սնանկացաւ այն պատճառով»: Այլեւս անտանելի է աշխարհը «բացատրելու» այս աժան մօտեցումը:
Լուրերը Կ՛արգելակեն Մտածելու
Կարողութիւնը
Մտածելը կեդրոնացում կը պահանջէ: Կեդրոնացումը կը պահանջէ չընդմիջուած ժամանակ: Իսկ լուրերը կը պատրաստուին այնպիսի ձեւով, որ դիտմամբ ընդմիջեն մեզ: Անոնք կը նմանին ժահրերու, որոնք կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը` իրենց սեփական նպատակները հետապնդելով: Լուրերը մեզ կը վերածեն մակերեսային մտածողի: Սակայն, կայ աւելի վատը. լուրերը շատ ժխտական ներգործութիւն ունին յիշողութեան վրայ: Կան երկու տեսակի յիշողութիւններ. երկարատեւ յիշողութիւնը, որուն կարողութիւնը գրեթէ անսահման է, եւ գործող յիշողութիւնը, որուն կարողութիւնը սահմանափակ է եւ օժտուած է միայն որոշ քանակութեամբ խաբուսիկ տեղեկութիւն ամբարելու կարողութեամբ: Կարճատեւ յիշողութենէն երկարատեւ յիշողութիւն անցքը շատ նեղ է ուղեղին մէջ, սակայն ինչ որ կ՛ուզենք հասկնալ` պէտք է անցնի այս անցքէն: Եթէ այս անցքը խանգարում մը կրէ` ոչինչ կ՛անցնի հոնկէ: Եւ որովհետեւ լուրերը կը խանգարեն կեդրոնացումը, անոնք կը տկարացնեն նաեւ հասկնալու կարողութիւնը: Համացանցի վրայ հրապարակուած լուրեր շատ աւելի վատ ներգործութիւն կ՛ունենան: 2001-ին Քանատայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը հեղինակները ապացուցած են, թէ հասկնալու կարողութիւնը կը տկարանայ փաստագրութիւններու մէջ համացանցի կապերու յաւելեալ նշումներով: Ինչո՞ւ, որովհետեւ ամէն անգամ որ համացանցի կապ մը յայտնուի մեր կարդացած գրութեան մէջ, ուղեղը գէթ կը կայացնէ առաջարկուած կապը տուեալ պահուն չօգտագործելու որոշումը, ինչ որ ինքնին կը շեղէ ուշադրութիւնը եւ կը ջլատէ կեդրոնացումը: Լուրերը միտումնաւոր ընդմիջումի համակարգ մը կը կազմեն:
Լուրերը Կը Գործեն Թմրեցուցիչի Պէս
Մինչ լուրերը կը զարգանան` կ՛ուզենք գիտնալ անոնց շարունակութիւնը: Երբ մեր ուղեղին մէջ պարագայական հարիւրաւոր լուրեր կ՛ամբարենք` այս մարմաջը հետզհետէ աւելի կը սաստկանայ եւ զայն անտեսելը կը դժուարանայ: Մինչեւ վերջերս գիտնականներ կը կարծէին, թէ մեր ուղեղին մէջ շուրջ 100 միլիառ ջղային բջիջիներու միջեւ կապերու հաստատումը ամբողջութեամբ վերջ կը գտնէր չափահասութեան: Այսօր արդէն գիտենք, թէ այսպէս չէ: Ջղային բջիջներ տեւաբար կը քանդեն հին կապերը եւ կը ստեղծեն նոր կապեր: Որքան աւելի լուրեր սպառենք, այնքան աւելի շարժման մէջ կը դնենք ջղային այն ցանցերը, որոնք կը ծառայեն արագ ակնարկով կարդալու եւ միեւնոյն պահուն բազմաթիւ աշխատանքներ կատարելու: Անդին` կը ծուլանան ջղային այն ցանցերը, որոնք կը ծառայեն աւելի խորաթափանց ընթերցանութեան, մտածելու եւ խոր կեդրոնացումի: Լուրեր սպառող անձերուն մեծ մասը, նոյնիսկ անոնք, որոնք ժամանակին մեծ խանդավառութեամբ գիրք կը կարդային, այժմ կորսնցուցած են երկար յօդուածներ կամ գիրք կարդալու եւ իւրացնելու իրենց կարողութիւնը: Չորս կամ հինգ էջ կարդալէ ետք անոնք կը սկսին յոգնիլ, կը կորսնցնեն իրենց կեդրոնացումը, կը դառնան անհանդարտ: Պատճառը ոչ թէ անոնց տարիքի յառաջացումն է կամ` խճողուած ժամանակացոյցը, այլ` ուղեղին ֆիզիքական կառուցուածքին փոփոխութիւնը:
Լուրերը Ժամանակի Մսխում Են
Եթէ ամէն առաւօտ 15 վայրկեան թերթ կը կարդաք, ճաշի պահուն 15 վայրկեան լուրերը կը ստուգէք, եւ դարձեալ 15 վայրկեան` քնանալէ առաջ, աւելցնենք նաեւ 5 վայրկեան գործի պահուն կամ որեւէ այլ տեղ ձեր կարդացած լուրերը, ապա կեդրոնացումի խախտումի հաշիւ մը ընելով պիտի տեսնենք, թէ ամէն շաբաթ առնուազն կէս օր կը կորսնցնէք: Տեղեկութիւնը այլեւս հազուագիւտ բան մը չէ, սակայն` կեդրոնացո՛ւմը դարձած է հազուագիւտ բան մը: Անպատասխանատու չենք վարուիր մեր դրամին, վարկին եւ առողջութեան նկատմամբ: Ինչո՞ւ պիտի հրաժարինք մեր ուղեղէն:
Լուրերը Կրաւորական Կը Դարձնեն Մեզ
Լուրերը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կը վերաբերին այնպիսի բաներու, որոնց վրայ հակակշիռ չունինք: Ամէն օր լուրերէն կը լսենք բաներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով կը խթանեն մեզ, հետեւաբար կը դառնանք կրաւորական: Անոնք կը սղոցեն մեզ, մինչեւ որ որդեգրենք յոռետես, ապազգացական, հեգնական եւ ճակատագրապաշտ աշխարհայեացք մը: Այս վիճակին գիտական բացատրութիւնը «սորվուած անօգնականութիւն»-ն (լըրնտ հելփլեսնես) է: Քիչ մը չափազանցուած պիտի թուի ձեզի, սակայն ինծի զարմանալի պիտի չթուի, եթէ օր մը լուրերու սպառումը գէթ մասամբ պատճառ դառնայ հոգեկան ընկճուածութեան համատարած հիւանդութեան:
Լուրերը Կը Խեղդեն
Ստեղծագործականութիւնը
Ինչ որ ամբարուած է մեր ուղեղին մէջ կը կաշկանդէ մեր ստեղծագործելու կարողութիւնը: Մասամբ այս պատճառով է, որ ուսողագէտներ, վիպագիրներ, երաժիշտներ եւ գործի ձեռնարկողներ իրենց ամէնէն փայլուն ստեղծագործութիւնները կը կատարեն երիտասարդ տարիքին: Անոնց ուղեղը կը վայելէ ընդարձակ, չբնակուած տարածք մը, որ կը քաջալերէ նոր գաղափարներու հետապնդումը: Չկայ երաժիշտ մը, ուսողագէտ մը, բժիշկ մը, գիտնական մը, երաժիշտ մը, ձեւագծող մը, ճարտարապետ մը կամ գեղանկարիչ մը, որ լուրերու մոլի է: Միւս կողմէ` բազմաթիւ են ստեղծագործականութենէ զուրկ անձերը, որոնք լուրեր կը սպառեն թմրեցուցիչի պէս: Եթէ կը ձգտիք հին լուծումներու, ապա լուրերը կարդացէ՛ք: Եթէ կը փնտռէք նոր լուծումներ, մի՛ կարդաք լուրերը:
Մարդկային Ընկերութիւնը Կարիքը Ունի
Լրագրութեան
Սակայն` տարբեր ձեւով: Հետախուզական լրագրութիւնը միշտ ալ կապ ունի մեզի հետ: Կարիքը ունինք մեր հաստատութիւններուն հսկող եւ ճշմարտութիւնները քօղազերծող տեղեկագրութեան: Սակայն պայման չէ, որ յատկանշական յայտնաբերումները մեզի հասնին լուրի ձեւով: Շաբաթաթերթերու երկար յօդուածները եւ խորաթափանց գիրքերը եւս լաւ են:
* * *
Այժմ 4 տարիէ ի վեր լուրերուն չեմ հետեւիր, հետեւաբար կրնամ տեսնել, զգալ եւ տեղեկագրել իմ ազատ վիճակիս արդիւնքը. նուազ անձկութիւն, աւելի խոր մտածողութիւն, յաւելեալ ժամանակ, յաւելեալ խորաթափանց հմտութիւն: Դիւրին չէ այս ընտրանքը կատարել, սակայն նաեւ կ՛արժէ փորձել:
———————————-
*Ռոլֆ Տոպելլի հեղինակն է «Տի արթ աֆ թինքինկ քլիրլի. պեթըր անտըրստենտինկ, պեթըր տիսիժընզ» (աւելի յստակ մտածելու արուեստը. աւելի լաւ մտածողութիւն, աւելի լաւ որոշումներ) գիրքին:

