50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 23 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Արուեստի այլեւայլ բնագաւառներու վերաբերեալ գիրքեր եւ գրքոյկներ լոյս պիտի տեսնեն այս տարեշրջանին: Հարուստ է յատկապէս երաժշտութեան վերաբերեալ աշխատութիւններուն շարքը: Ա. Ամբակումեանի գիրքը նուիրուած է դաշնակի երաժշտութեան մեկնաբանութեան եւ քանի մը հարցերու, իսկ Ա. Աթույեանի հանրամատչելի ձեռնարկը` հայկական ժողովրդական երգերուն: Հաւաքական հեղինակութեամբ պատրաստութեան մէջ է հայ երաժշտութեան մասին քննադատական ակնարկներու հաւաքածոն, ուր կը շօշափուին Հայաստանի օփերաները, բեմապարերը, համանուագները, ինչպէս նաեւ շարժանկարի երաժշտութիւնները, քննական եւ տեսական ակնոցով դիտուած:
Լոյս պիտի տեսնէ «Ինչպէս լսել երաժշտութիւնը» հանրամատչելի երկը, իսկ հաւաքական հեղինակութեամբ «Հայ երաժշտութեան պատմութեան համառօտ ակնարկ» աշխատութիւնը:
Կերպարուեստի գիծով լոյս պիտի տեսնեն Լ. Տուրնովոյի «Հին հայկական մանրանկարչութիւնը» եւ Մ. Սարգսեանի «Խ. Հայաստանի դրափիկան» (գծագրութիւնը):
Հայպետհրատը լոյս պիտի ընծայէ «Հայ նկարիչներու գործերուն ռեպրոդոկցաները», ուր ամփոփուած պիտի ըլլան Հայաստանի նկարիչներուն լաւագոյն նմուշները` Յովնաթանէն մինչեւ մեր օրերը:
Արուեստի հիմնարկութիւնը պիտի հրատարակէ «Հայ ճարտարապետութեան պատմութեան համառօտ ակնարկը» հաւաքածոն, Է. Յակոբեանի «Արտաշատի շրջանի բնակելի շէնքերուն ճարտարապետութիւնը 16-20-րդ դարերուն» մենագրութիւնը եւ «Երեւանի ժողովրդական ճարտարապետութիւնը» ալպոմը, ինչպէս նաեւ` «Հայ թատրոնի պատմութիւն» հաւաքածոն:
ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԱՍԻՆ
Մեր պատմահայրը Խորենացի իր հայոց պատմութեան երրորդ գիրքին մէջ հետեւեալ ձեւով կը պատմէ իր Եգիպտոս այցելութիւնը եւ ունեցած տպաւորութիւնը այդ երկրէն:
«… Այսպիսի շրջագայութեամբ մտանք Եգիպտոս, այն հռչակուած աշխարհը, որ զերծ է անչափ ցրտից եւ տօթից` հեղեղներից եւ երաշտից, երկրի գեղեցիկ մասում զետեղուած լինելով, ամենատեսակ պտուղներով լիովին լցուած, անձեռագործ Նեղոսով պարսպատուած, որ ոչ միայն պահպանութիւն է տալիս, այլեւ ընդունակ է իրենից մատակարարելու բաւական կերակուր, եւ ոռոգման միջոցով տնօրինում է երկրի չորութիւնը կամ խոնաւութիւնը` մշակութեան համար, եւ ինչ բան որ երկրումը չկայ, գետը հեշտութեամբ բերում է առատութիւն է սփռում` ինչպէս կղզու վրայ պատում է երկրի շուրջը եւ բոլոր տողերով հոսում է, 12 վտակի բաժանուելով: Այստեղ յարմարաւոր դիրքում շինուած է Մեծն Աղեքսանդրիա քաղաքը, ծովի մէջ, բարեխառն կլիմայով եւ շինուած է արհեստական լիճ (*), որի պատճառով բարեխառն օդ է շնչում, թէ այնտեղից, ուր լճի ջրերը դէպի ծովն են հոսում, եւ թէ ծովին մօտ տեղերից. այսպէս յաճախակի քամիներ են շնչում, ծովի կողմից` թեթեւ եւ լճի կողմից թանձր, որոնց խառնուրդը խիստ առողջարար է կեանքի համար»:
(*) Արհեստական լիճը ճահճային լիճ էր Աղեքսանդրիոյ հարաւն ինկած, որ կոչւում էր հնումը Մարէստիս, իսկ այժմ Մարիուս,- Լճից եւ ծովից շնչող հողմերի յատկութիւնները Խորենացին առել է Փիլոնից:
Ծանօթ ՍՏ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆԻ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
22 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդը, պետական երեսփոխան Մ. Տ. Գալուստեան, Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամները, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:
Դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան կարդաց մանրամասն տեղեկագիր մը, որ խրախուսիչ տեղեկութիւններ կու տար դպրեվանքի ունեցած նուաճումներուն մասին:
Գործադրուեցաւ խնամուած յայտագիր մը` դպրեվանքի սաներուն կողմէ, որոնք կատարեցին նաեւ խմբական խորհրդաւոր եւ կրօնաշունչ արտասանութիւն մը, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Դպրեվանքի այս տարուան հունձքն է չորս աբեղաներ եւ երկու շրջանաւարտներ` ժառանգաւորացէն: Վկայական ստացան Մեսրոպ, Եզնիկ, Մաշտոց եւ Կորիւն աբեղաները:
Հանդէսը փակուեցաւ վեհափառ հայրապետի օրհնութեան խօսքով, որմէ ետք երգուեցաւ «Կիլիկիա» խմբերգը: