ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԴԻՒՐԻ՞Ն Է ՁԵԶԻ ՀԵՏ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԵԼՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼԸ

Ձեզի հետ ընկերութիւն մշակելն ու կապ հաստատելը դիւրի՞ն է, թէ՞ պատնէշներ դնող անձ էք, եւ մարդիկ կը զգուշանան առաջին քայլը առնելէ` մօտենալու, խօսելու, մտերմանալու… Ձեր մասին այս կէտը գիտնալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 12 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:

1

Երբ մարդիկ ձեր խորհուրդին դիմեն…

ա.- Անմիջապէս կ՛ընդառաջէք` ձեր փորձառութենէն մեկնելով: (2)
բ.- Այդ պահուան ձեր տրամադրութենէն կախեալ է: (1)
գ.- Խորհուրդներ տալը անիմաստ է: (0)

2

Յաճախ մատնացոյց կ՛ընէ՞ք ձեր զրուցակիցներուն սխալները:

ա.- Եւ ինչո՞ւ ոչ: (0)
բ.- Միայն անոնց, զորս լաւ կը ճանչնամ: (1)
գ.- Ընդհանրապէս կը խուսափիմ… (2)

3

Նոր միջավայրին դիւրին կը վարժուի՞ք:

ա.- Այո, դիւրաւ:
բ.- Միջավայրին համաձայն: (1)
գ.- Ընդհանրապէս ոչ (0):

4

Հոգեկան անկումներ կ՛ունենա՞ք:

ա.- Այո, յաճախ: (0)
բ.- Հազուադէպօրէն: (1)
գ.- Ընդհանրապէս հաւասարակշռուած անձ էք: (2)

5

Ինչպէ՞ս կը հակազդէք, երբ ձեր զրուցակիցը կ՛ընդմիջէ ձեզ:

ա.- Իր ուշադրութեան կը յանձնէք, որ ձեր արտայայտած միտքը կիսատ մնաց: (2)
բ.- Նիւթէն կախեալ է: (1)
գ.- Ձեր կարգին կը լռեցնէք զինք: (0):

6

Դուք ձեր վրայ կը խնդա՞ք:

ա.- Անշո՛ւշտ: (2)
բ.- Երբե՛ք: (0)
գ.- Երբեմն: (1)

7

Խճողուած վայրերու մէջ, համարձակութիւնը ունի՞ք բարձրաձայն խնդալու:

ա.- Այո՛, եթէ ատիկա հաճոյք պիտի պատճառէ ձեզի: (2)
բ.- Ո՛չ, բարձրաձայն կը խնդամ միայն երբ առանձին եմ: (0)
գ.- Միայն երբ ընկերներով շրջապատուած եմ: (1)

8

Երեխաները կը սիրե՞ն ձեզ:

ա.- Եւ ինչո՞ւ պէտք է սիրեն: (0)
բ.- Այո, հարազատի մը պէս: (2)
գ.- Ընդհանրապէս այո: (1)

9

Կը փորձէ՞ք հաշտարարի դեր կատարել կողմերու միջեւ:

ա.- Այո, գրեթէ միշտ: (2)
բ.- Այո, մանաւանդ եթէ դուք ալ յանցանքի բաժին մը ունիք: (1)
գ.- Հազուադէպօրէն: (0)

10

Ինչպէ՞ս կը հակազդէք, երբ ձեր զրուցակիցը մտիկ չ՛ըներ ձեզի:

ա.- Մեծ փափկանկատութեամբ իր ուշադրութեան կը յանձնէք: (2)
բ.- Անմիջապէս եւ կտրուկ շեշտով իր ուշադրութեան կը յանձնէք: (1)
գ.- Զայրացած` իր ուշադրութեան կը յանձնէք: (0)

11

Ի՞նչ կ՛ընէք, երբ գործ մը չէք կրնար գլուխ հանել:

ա.- Կրկին ու կրկին կը փորձէք, մինչեւ որ յաջողիք: (1)
բ.- Կը դիմէք ընկերներու օգնութեան: (2)
գ.- Կը զայրանաք եւ կը հրաժարիք անկէ: (0)

12

Զիջո՞ղ էք:

ա.- Այո՛, քանի որ հարցերու լուծման լաւագոյն միջոցն է: (2)
բ.- Ո՛չ: (0)
գ.- Երբեմն: (1)

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 0 – 5 կէտ հաւաքեցիք, ձեր շրջապատը շատ դժուար լեզու կը գտնէ ձեզի հետ: Դուք չափազանց պահանջկոտ էք եւ աջ ու ձախ կը քննադատէք: Միւս կողմէ ձեզի կը պակսին ճկունութիւն, զիջում եւ բարի կամեցողութիւն: Եթէ այսպէս շարունակէք դուք ձեզ պիտի մեկուսացնէք եւ պիտի լճանաք:

* * *

Եթէ 6 – 11 կէտ հաւաքեցիք, ձեզի հետ ընկերութիւն մշակելը դիւրին չէ: Դուք չափազանց լուրջ, անզիջող, խստապահանջ էք ձեր անձին եւ ուրիշներուն նկատմամբ: Կեանքը թեթեւի առէք, հարցերը մի բարդացնէք, եղէք լաւատես: Ձեռք երկարեցէք ձեզի դիմողին եւ վայելեցէք բարեկամութեան բարիքները:

* * *

Եթէ 12 – 18 կէտ հաւաքեցիք, դուք քմայքոտ անձ մըն էք: Ձեր յարաբերութիւններուն ընթացքին կրնաք ըլլալ մերթ փափկանկատ, մերթ կոպիտ, մերթ սրտի մօտիկ, մերթ անհաղորդ: Ձեր շրջապատը կը շուարի, թէ ինչ կեցուածք որդեգրէ եւ կամ ինչպէ՞ս յարաբերիք ձեզի հետ: Եղէք աւելի կայուն եւ հաւասարակշռուած:

 

ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՎԱՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Ընկերային կեանքին հիմքը` խօսակցութիւնը, ուրիշի հետ բոլոր հաղորդակցութեանց առանցքն է. անիկա պէտք է ըլլայ վառ, ընկերային եւ հետաքրքրական գաղափարներու փոխանակում զիրար մտիկ ընել գիտցող անձերու միջեւ: Ասոր համար ալ անիկա կենցաղավարութեան օրէնքներու կը հնազանդի:

ՉԸՆԴՄԻՋԵԼ

Եթէ ձեր խօսակիցին խօսքը ընդմիջելու բուռն եւ հասկնալի փափաք մը ունիք, ջանացէք զսպել դուք ձեզ: Ընդմիջուիլը հաճելի չէ, որքան ալ ձեր միջամտութիւնը ստիպողական թուի ձեզի: Սպասեցէք քիչ մը, այսպէս, թերեւս, ձեր շեշտն ալ չափաւորութիւն կը շահի:

ՉՀԱԿԱՃԱՌԵԼ

Յանկարծակի հակառակիլը երբեք հաճելի չէ դիմացինին. զգուշացէ՛ք նման խօսքերէ – «Ձեր ըսածը ամբողջութեամբ սխալ է»: Չափաւոր եղէք եւ ըսէք՝ «Ձեր կարծիքը չեմ բաժներ», կամ «Արտօնեցէք, որ  իմ անհամաձայնութիւնս յայտնեմ», եւ այլն…: Բարեացակամ հանդուրժողութիւնը նուրբ դաստիարակութեան ապացոյց է:

ՁԵՐ ՄԱՍԻՆ ՄԻ՛ ԽՕՍԻՔ

Զգուշացէք երկար ժամանակ դուք ձեր եւ ձեր հոգեվիճակներուն մասին խօսելէ:

Ընտանեկան հարցերը բոլորին սեփականութիւնը մի՛ դարձնէք եւ երկար մի՛ մենախօսէք: Խօսակցութիւնը ուրիշներու հետ լաւ վայրկեաններ անցընելու սահմանուած է: Անշուշտ ուրիշ անձեր ալ ըսելիք եւ պատմելիք բաներ ունին, անոնց ալ առիթ տուէք:

ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք ՆՈՒՐԲ ՆԻՒԹԵՐԷ

Զգուշութեամբ պէտք է արծարծել կարգ մը նուրբ նիւթեր, ինչպէս` կրօնական, դաւանական, քաղաքական, ցեղային, եւ այլն… ներկաներէն մէկը ակամայ չվիրաւորելու համար:

ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրիշին տունը առաւօտեան ժամը 9:00-էն առաջ եւ գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք չհեռաձայնել: Թելադրելի է նաեւ զգուշանալ ճաշի ժամերուն հեռաձայնելէ, որպէսզի թելին ծայրը մտացիր եւ նեղուած խօսակից մը չունենաք:

Ուշադիր եղէք նաեւ ժամերու տարբերութիւններուն: Յատկապէս երբ Միացեալ Նահանգներ կամ Աւստրալիա կը կապուիք ճշդեցէք ժամը, այլապէս ձեր խօսակիցը գիշերուան կիսուն արթնցուցած կ՛ըլլաք:

Չմոռնանք, որ հեռաձայնը ժամադրութիւն մը առնելու, տեղեկութիւն մը տալու կամ առնելու եւ կարեւոր լուր մը լսելու կը ծառայէ:

Երբ ծանօթի մը կը կապուիք եւ ձայնը կը ճանչնաք, կ՛ըսէք. «Բարեւ, Արամ, ես Գէորգն եմ: Եթէ անծանօթի մը կը կապուիք կ՛ըսէք. «Բարեւ, ես Գէորգն եմ, կրնա՞մ պրն. Լեւոնին հետ խօսիլ»…

Եթէ հիւրեր կ՛ընդունիք եւ հեռաձայնի զանգը կը հնչէ, ջանացէք խօսակցութիւնը չերկարել եւ հիւրերը երկար ժամանակ առանձին չձգել:

Վերջապէս իմացէք, որ հեռաձայնով կարելի չէ հարսանեկան հրաւէրի մը համար շնորհակալութիւն յայտնել, բայց մանաւանդ` ցաւակցութիւն յայտնել: Նախընտրելի է անձամբ տեսնուիլ եւ զգացումները փոխանցել:

 

ԱՅԼԱԶԱՆ

ՉԻՆԱԿԱ՞Ն, ԹԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ծագումով չինացի ամերիկացի դասախօս եւ մանկավարժ Իմի Շուա վերջերս հրապարակած է գիրք մը, ուր կը գերադասէ չինական խստապահանջ դաստիարակութիւնը ամերիկեան թոյլ դաստիարակութենէն:

Շուայի կարծիքով, արեւմուտքի մէջ ծնողները կը շփացնեն իրենց զաւակները, կը կատարեն անոնց բոլոր փափաքները եւ սանձարձակ ազատութիւններ կու տան անոնց: Մինչդեռ պարագան նոյնը չէ չինացի երեխաներուն, որոնք խիստ դաստիարակութիւն կը ստանան:

Այս գծով լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք Շուա եկած է այն եզրակացութեան, թէ թոյլ դաստիարակութիւնը մարդ չի կերտեր, այլ մէջտեղ կը բերէ անինքնավստահ, անհատականութենէ զուրկ, մոլորած եւ ձախողած երիտասարդներու ամբողջ սերունդներ, երբ անդին Չինաստանի մէջ կը հասնին մեծ թիւով արուեստագէտներ, մարզիկներ եւ հանճարեղներ:

Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ`
ԳԷՐԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Մ. Նահանգները կը համարուի այն երկիրը, ուր ամէնէն աւելի մեծ թիւով գէրեր կը գտնուին: Անոր դիմաց` Ճափոնը առաջին դիրքը կը գրաւէ, որպէս նիհար եւ բարեձեւ բնակչութիւն ունեցող երկիր: Այս երեւոյթը հաստատող ամերիկեան ուսումնասիրութեան համաձայն, Եւրոպայի ամէնէն բարեձեւ կիները զուիցերիացիներն են, անոնց կը հետեւին ֆրանսուհիներն ու իտալացի կիները:

Վերջապէս, Եւրոպայի ամէնէն բարեձեւ տղամարդիկը ֆրանսացիներն են, որոնց կը հետեւին Կրինլենտի, Դանիոյ եւ Հոլանտայի տղամարդիկը:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԽՆՁՈՐՈՎ ՍՈՒՖԼԷ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

8 խնձոր
340 կր. շաքար
1 կիտրոնի հիւթ
4 հաւկիթի ճերմկուց

Պատրաստութիւն

4 խնձոր կեղուել, մաքրել եւ կտրտել:

4 խնձոր «գլխատել», միջուկը պարպել եւ կիտրոնով մէջի կողմը շփել, որպէսզի չսեւնան. սառնարանը պահել:

Պզտիկ կաթսայի մը մէջ կտրտուած խնձորը, առաւել 4 խնձորներուն միջուկները քոմփոթի վերածել 300 կրամ շաքարով 25 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ եփելով: Յետոյ միքսըրէ անցուցէք եւ ձգեցէք, որ պաղի:

Հաւկիթներուն ճերմկուցը հարել, մինչեւ որ փրփրի եւ ամրանայ, աւելցնել 40 կր. շաքարը եւ խառնել պաղած քոմփոթին:

Սառնարանէն հանել պարպուած խնձորները, մէջը լեցնել վերոյիշեալ խառնուրդը եւ 180 ջերմաստիճան փուռի մէջ եփել10 վայրկեան: Անմիջապէս հրամցնել:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՓՈԹՈՐԻԿ

Գեղեցիկ չէր, ես էլ գերուած – տարուած չէի:
Կար պաղ գինի միայն ու նոյնքան պաղ զրոյց:
Ո՛չ ես, ո՛չ էլ ինքը սիրահարուած չէինք,
Ո՛չ էլ խօսում էինք յիմար սիրուց:
Յետոյ … ինչպէս եղաւ … ու տաքացա՛ւ գինին,
Ու տաքացաւ խօ՛սքը, ու … տաքացա՜ւ:
Ինչքան խմեցի ես` ասաց «անո՜ւշ լինի»,
Ինչքա՛ն խմեցի ես` այնքան գեղեցկացա՛ւ,
Այնքա՜ն գեղեցկացաւ, որ չեմ յիշում հիմա,
Թէ մինչեւ այդ ինքը իր ինչի՞ն էր նման…

Յետոյ, երբ դուրս ելանք, թուաց, թէ նա
Շրջազգե՛ստ չի հագել այլ` փոթորի՜կ:
Յետոյ … փոթորիկն այդ տեղափոխուեց իմ մէջ,
Յետոյ … փոթորիկն այն փոխանցեցի նրան`
Իմ մատների միջով – միջոցով իր թեւի:
Յետոյ… փոթորիկն այդ մեզ երկուսիս քշեց,
Թաւագլոր տարաւ չգիտեմ ուր,
Բանալիով ջարդեց ինչ – որ մի դուռ,
Եւ քանի որ արդէն յոգնած էր շատ`
Փոթորիկը պառկեց մահճակալին,
Հսկայ փոթորիկը նեղլի՛կ մահճակալին,
Որպէսզի մի փոքր հանգստանայ …

Հանգստացաւ, երբ որ … առաւօտն էր բացւում …

Հիմա, կանգնած այդ նոյն մահճակալի դիմաց,
Փոթորկի հետքերն եմ զննում ու տնտղում`
Ո՛չ անկողնու վրայ, այլ իմ ներսո՜ւմ: Հիմա
Մինչեւ ծունկս խրուած ինքս իմ մէջ`
Ինչպէս ծառը` հողում,
Ես ճօճւում եմ տեղում:
Մէջս սկսում են արմատ ձգել
Եւ ծառայի՛ն մտքեր, ծառի՛ մտքեր:
Ու ես ծառի նման չեմ կարենում լքել
Այն տեղը, ուր տնկուած եմ:
Հիմա ինչպէ՞ս պոկեմ,
Ինչպէ՞ս ինքս պոկեմ ինձ ինձանից
Ու վեր կենամ գնամ.
Քայլող ծառի՞ նման…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES