Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով. (Հեղինակ` Սոնա Զէյթլեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2013 թուականին, Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց տպարանէն լոյս տեսաւ Սոնա Զէյթլեանի վերոյիշեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 328 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 17 բաժիններ:
Սոնա Զէյթլեան ծնած է Եգիպտոս, ուր վկայուելէ ետք Ամերիկեան համալսարանէն` նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին, նախ Գահիրէի եւ 1962-էն ետք Պէյրութի ազգային վարժարաններուն մէջ:
Սոնա Զէյթլեանի «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» խորագրեալ առաջին ուսումնասիրութիւնը 1968-ին արժանացաւ «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին: 1973-ին լոյս տեսաւ «Մուսա լերան ժողովրդական հեքիաթները» խորագրեալ իր գործը: Իսկ 80-ական թուականներուն հրատարակուեցան հայ կնոջ գործունէութեան նուիրուած իր չորս հատորները` «Արի արանց» ընդհանուր խորագիրին տակ:
Սոնա Զէյթլեան այժմ կը բնակի Լոս Անճելըս` իր չորս զաւակներուն հետ:
Սոյն հատորով Սոնա Զէյթլեան կը ներկայացնէ այն իրողութիւնը, թէ հայ կինը ինչպէ՞ս կրցած է գոյատեւել եւ պահել անաղարտ իր բարոյական արժանիքները, հակառակ իր անձին դէմ եղած բազում անիրաւութեանց եւ թիւր ըմբռնումներու` հեթանոսական դարերէն մինչեւ ներկայ օրերը:
Հայ կնոջ մասին Սոնա Զէյթլեան կու տայ շահեկան ծանօթութիւններ, ցոյց տալով օսմանեան դարաւոր լուծին տակ ապրած հայ ժողովուրդին ազգային բարքերը:
Կ՛ըսէ, թէ օտար կրօնի տակ ապրող այր ու կին դադրեցան հաւասար իրաւունքներ ունենալէ:
Թէ` տղու մը ծնունդը աղջկայ մը ծնունդին պէս չէր գնահատուեր, որովհետեւ, աղջիկը ուրիշին տունը կը շէնցնէր, իսկ տղան` իր ծնողքին:
Այս առնչութեամբ, Յակոբ Օշական Համաստեղի «Գիւղը» գործին նուիրուած իր ուսումնասիրութեան մէջ կը հաստատէ, որ գիւղացի կնոջ մը կեանքը կը յատկանշուի զրկանքով եւ զոհողութեամբ: Իսկ միւս կողմէ բարութիւնն ու համակերպութիւնը կը կազմեն հայ կնոջ նկարագիրին իւրայատկութիւնը:
Իր կարգին, Աւետիս Ահարոնեան իր Հռօ կինը գրութեան մէջ հետեւեալ կերպով կը բնորոշէ գիւղացի կիներու ծանր աշխատանքը: Ահարոնեան կ՛ըսէ, թէ հայ կիները իրենց քառասուն տարիքը հասնելով կը դառնան կորաքամակ եւ իրենց ճակատը կը ծածկուի վաղաժամ ծերութիւն արտայայտող խորշոմներով:
Սոնա Զէյթլեան կը մատնանշէ որոշ հարցեր ու երեւոյթներ, որոնք ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքի ամէնէն բնորոշ գիծերը դարձած են: Օրինակ, ամուսնութեան ատեն ծնողքը աղջկան կարծիքը չէր հարցներ, որովհետեւ ան պարտաւոր էր իրմէ մեծերուն ենթարկուիլ: Կային պարագաներ, երբ ծնողներ ամուսնութիւնը սակարկութեան կը վերածէին` լռութեան դատապարտելով իրենց կամազուրկ աղջիկը…:
Սոնա Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ 19-րդ դարուն Պոլսոյ պահպանողական միջավայրին մէջ կար վերապահութիւն աղջիկներու ուսման հանդէպ:
Արդարեւ, կիներու զարգացման հարցով ծայր առաւ ժխտական մօտեցում բարձր խաւի մարդոց եւ մտաւորականներու կողմէ, որոնք չէին ուզեր, որ հայ կինը ունենայ խօսքի եւ գործի ազատութիւն ընկերային կեանքի մէջ:
Այս շրջանին, խումբ մը տաղանդաւոր գրագիտուհիներ կազմած էին Պոլսոյ մտաւորական ընտրանին, որուն մաս կը կազմէին Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեան, Անայիս, Արշակուհի Թէոդիկ, Հայկանուշ Մառք եւ ուրիշներ:
Սրբուհի հանդիսացաւ առաջին գրագիտուհին, որ իր երեք վէպերուն միջոցով` «Մայտա» (1883), «Սիրանոյշ» (1884) եւ «Արաքսիա» կամ «Վարժուհին» (1887) քննադատեց կինը ստորադաս էակի վերածող ընկերային ըմբռնումները: Տիւսաբ կնոջ դերը արժեւորելու տեսակէտէն կատարեց գեղեցիկ իրագործում մը, հակառակ անոր, որ հայ վիպագրութիւնը չէր հասած անհրաժեշտ մակարդակի:
Գրիգոր Զօհրապ խիստ քննադատութեան ենթարկելով իր «Կնոջ իրաւունքներ» խորագրեալ յօդուածին մէջ Սրբուհի Տիւսաբի գրութիւնները` կ՛ըսէ. «Այր մարդիկ ի բնէ սահմանեալ են աշխատութեան եւ իշխանութեան: Իսկ կինը ամուսին եւ մայր լինելէ անդին դեր չունի մարդկային կեանքի մէջ. իր գոյութիւնը այդ երկու պաշտօններով միայն կ՛արդարանայ, մինչդեռ այր մարդը գերագոյն եւ վեհագոյն կոչում մը ունի, բացի ամուսին եւ հայր լինելէ, նա յառաջդիմութեան, կատարելութեան մերձեցման դրօշակակիրն է»:
Սոնա Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ Պոլսոյ պահպանողական միջավայրին մէջ գիր-գրականութեամբ զբաղող կիները կը քննադատուէին:
Այս առնչութեամբ գրագիտուհի Անայիս երբ իր ամուսնութեան առիթով կ՛այցելէ Խրիմեան Հայրիկին, վեհափառը հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ անոր. «Եւ դուն, հա՛րս, մոռցի՛ր այլեւս ոտանաւոր, բանաստեղծութիւն, գիր, թուղթ եւ միայն որդեծնութեամբ զբաղէ՛»:
Սոնա Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ պոլսահայ գրագիտուհիներու վաստակին մասին Յակոբ Օշական, հակառակ խստապահանջ քննադատ մը ըլլալուն, կը կատարէ հետեւեալ արժեւորումը. «Յատկանշական է, որ արեւմտահայ վէպը կիներուն ենթարկուած ըլլայ նոյնիսկ սկսումի օրերէն: Տիւսաբ, Սիպիլ, Եսայեան: Ասոնք պարզ անուններ չեն ու պատահաբար ալ քովէ-քով դրուած: Աւանդութեան մը, գործունէութեան խտացումներ եղան անոնք»:
Սոնա Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ գրագիտուհիներ` Զապէլ Եսայեանն ու Անայիս, բարձրացուցին յուշագրութիւնը գրական բարձր մակարդակի: Այս առնչութեամբ Յակոբ Օշական կ՛ըսէ, թէ 1909 թուի Ատանայի ջարդերուն մասին Զապէլ Եսայեանի գրած «Աւերակներուն մէջ» խորագրեալ գիրքը գլուխ գործոց մըն է, որովհետեւ` «ուղղակի կեանքին հետ անմիջական շփումին արդիւնք է այդ գիրքը»:
Զապէլ Եսայեան, Արշակուհի Թէոդիկ, Սաթենիկ Օհանջանեան եւ իրենց գործակիցները գործի լծուեցան օգնութեան ձեռք երկարելու համար Կիլիկիոյ որբ ու անտէր աղէտեալներուն:
Սոնա Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ 1912-ին հիմնուեցաւ Պոլսոյ Հայ կարմիր խաչը: Իսկ 1919-ին վերակազմուեցաւ սոյն բարեսիրական հաստատութիւնը: Իր ինքնակենսագրական «Կեանքիս վէպը» խորագրեալ գործին մէջ, Զարուհի Պահրի կը վկայէ, թէ Հայ կարմիր խաչի խնամատարական գործերուն մէջ յիշատակելի էին Բերայի Մանկատունը, Սկիւտարի Առեւանգուած աղջիկներուն պատսպարանը, Պէշիկթաշի Մայրանոցը, Մեծ Կղզիին Ապաքինարանը եւ մանաւանդ Շիշլիի հիւանդանոցը:
Հայ գրագիտուհիին ցաւը կը բաժնէ Պոլսոյ գրական դէմքերէն` Երուանդ Օտեան: «Անիծեալ տարիներ» խորագրեալ իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, Գոնիայէն Պոլիս վերադարձին կը հանդիպի հայ կիներու, որոնք իրենց կեանքը փրկելու համար պարտադրաբար կը թրքանան:
1919 թուին, յետպատերազմեան շրջանին, բարենպաստ պայմաններու տակ, Հայկանուշ Մառք հիմնեց «Հայ կին» երկշաբաթաթերթը, որ տարածուեցաւ մինչեւ հայկական գաւառները` արժանանալով լայն ժողովրդականութեան: Սոյն թերթի հրատարակութեամբ Հայկանուշ Մառք կ՛ուզէր, որ կին մը գնահատուէր իր «մտաւոր եւ բարոյական ձիրքերուն համար» եւ ոչ թէ «ֆիզիքական շնորհներուն»:
1932-ին, «Հայ կին» երկշաբաթաթերթը խափանուեցաւ զրպարտութեան մը իբրեւ հետեւանք եւ խմբագրուհին` Հայկանուշ Մառք ցաւատանջ սրտով հաղորդեց Ստեփան Շահպազին այս չարաղէտ կացութիւնը:
Մինչ այդ Սկիւտար ծնած եւ Լիբանան հաստատուած Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան, ծածկանունով Սեզա, Պէյրութի մէջ հիմը կը դնէր շրջանի առաջին եւ միակ կանանց մամուլին` «Երիտասարդ հայուհի» շաբաթաթերթին: Պէյրութի մէջ որոշ ընդհատումներով լոյս տեսնելէ ետք, «Երիտասարդ հայուհի» շաբաթաթերթին վերջին թիւը լոյս կը տեսնէր դեկտեմբեր 1968-ին: Սոնա Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ մէկ կողմէ` Սեզա կնոջ անհատական զարգացումը խափանող պայմաններու դէմ կը պայքարէր, միւս կողմէ ալ կինը ազգին, հայրենիքին, ներկայ եւ գալիք սերունդներուն մայր կը կոչէր:
Ապա, Սոնա Զէյթլեան կ՛անդրադառնայ այն իրողութեան, թէ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը հայկական կեդրոն մըն էր, ուր 300,000 բնակիչներէն 120,000-ը հայեր էին: Հոս հայանպաստ շարժում մը ծայր առաւ, երբ Պերճ Պռոշեան Թիֆլիսի մէջ հիմնեց առաջին աղջկանց վարժարանը: Ռաֆայէլ Պատկանեան հաշտ աչքով չէր դիտեր հայ աղջիկներուն ստացած ռուսական ուսումը: Հայոց մէջ ռուսականացման հոսանքին դէմ պայքար սկսած էր:
Հեղինակը կը կատարէ անվերապահ արժեւորումը այն հայ կիներուն, որոնք հայոց պատմութեան այլազան հանգրուաններուն իրենց կեանքը զոհեցին հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի փրկութեան համար:
Հատորին այս բաժինով Սոնա Զէյթլեան կը թուէ անունները Ռուբինա Օհանջանեանի, Սօսէ Մայրիկի եւ հերոսատիպ այն հայուհիներուն, որոնք մղեցին ֆետայական կռիւներ թուրք ոսոխին դէմ: Վարդանանց պատերազմի «փափկասուն տիկիններու» նման անոնք պաշտպանեցին հայրենի հողը` անսակարկ նուիրումով:
Հակառակ Փարիզի խորհրդաժողովին հայ կնոջ դատը պաշտպանելու Զապէլ Եսայեանի ջանքերուն, հարեմներու մէջ թրքացած, իսլամացած կամ քրտացած հայ կիները իրենց եղերական բախտով կը մնան զոհերը Հայոց ցեղասպանութեան:
Հեղինակը իրապաշտօրէն կը ներկայացնէ նաեւ Այնթուրայի որբերու տխուր ճակատագիրը, որոնց հայկական անունները վերածուեցան թրքերէնի…:
Հատորի աւարտին Սոնա Զէյթլեան որոշ բաժիններ հրատարակած է հետեւեալ խորագիրներու տակ` «Աղբիւրներ», «Մամուլ», «Այլ աղբիւրներ», ուր լոյս տեսած են լուսանկարները Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ), Զապէլ Եսայեանի, Հայկանուշ Մառքի եւ այլ գրագիտուհիներու:

