Եւ Պատերազմը Կը Շարունակուի. Անպատասխան «Ինչու»-ներ
Յ. Մ.
Գլուխս փոխադրակառքի պատուհանի ապակիին յենած, շունչս բռնած կը դիտեմ դուրսը, ճամբեզրի քարուքանդ եղած տուները` կքած առաստաղներով, տեղահան եղած դռներով եւ պատուհաններով: Գրեթէ տուն չկայ որ «ողջ» մնացած ըլլայ:
Գիւղը ճեղքող փողոցի ամբողջ երկայնքին մարդու ստուեր իսկ չ՛երեւիր: Ահաւոր կերպով ճնշող ու սարսափազդու ամայութիւն մը:
Պատերուն վրայ դեռ կը կարդացուին Կեսարի «վենի, վիտի, վիչի»-ն յիշեցնող արձանագրութիւններ: Յաղթողը իր կնիքը ձգած է պատերուն վրայ, ստորագրած է, որ պատմութիւնը յիշէ: Տարածաշրջանը յաջորդ գրաւողները ջնջած են նախկիններուն արձանագրութիւնները ու դրոշմած իրենցը: Յաղթանակը տարուած է ու գիւղը գրաւուած: Քանի մը անգամ կորսուած ու վերագրաւուած, եւ իւրաքանչիւր անգամուն քիչ մը աւելի քանդուած ու աւերակ դարձած:
Առաւօտ է դեռ, երբ կ՛անցնինք այդ շրջանէն: Ցերեկը ուրուականներ չեն երեւիր, սակայն ես ուրուականներ կը տեսնեմ: Զոհուած բնակիչներո՞ւ, թէ՞ կռուող զինեալներու, չեմ գիտեր, բայց սիրտս կը դողայ:
Ասիկա «խանասէր»-ն է, վերջին (վերջի՞ն) կռուախնձորը` իր կենսական դիրքին պատճառով: Հալէպը, Հոմսի ու Դամասկոսի կապող մնացած միակ անցուղին, որուն համար որքան զոհեր ինկան, որքան մայրեր լացին, որքան երեխաներ որբացան ու նորահարսեր սպիտակի փոխարէն, սեւեր հագան:
Խանասէ՜ր. Հալէպը մատակարարող մայր երակ, ուրկէ զինամթերք պիտի հասնի բանակայիններուն եւ վառելանիւթ` ժողովուրդին:
Հապա՞ ելեկտրականութիւնը:
Մութը դարձած է մեր ամէնօրեայ այցելուն: Երբ արեւը մար մտնէ, ան հիւր կու գայ մարդոց տուներուն ու հոգիներուն եւ կը մնայ մինչեւ առաւօտ:
Վանէ զինք եթէ կրնաս. փարատէ սեւը, բայց ինչո՞վ, բայց, ինչպէ՞ս:
Ելեկտրածին շարժակներ… սակայն պենզին եւ մազութ պէտք է. թանկ է ու հազուագիւտ:
Մարտկոցներ լուսարձակներով… Բայց ինչպէ՞ս լիցքաւորես զանոնք ելեկտրականութեան բացակայութեան:
Մո՛մ… այո՛, մոմ ու մոմեր: Մոմե՜ր ու հոգեմաշ ժամեր. մոմեր ու տխրութիւն, դաժան գիշեր եւ սպասում որ առաւօտ ըլլայ: Գիշե՜ր, որ քմահաճօրէն կ՛ուշանայ լուսնալու:
Պասը կը շարունակէ իր զգուշ ու դանդաղ ընթացքը, ճամբայ կոչուած սա փոսերով, ցեխով ու ցեխաջուրով լեցուն անցուղին կտրելով, որքան արագ որ կարելի է, դուրս գալու համար միջքաղաքային խճուղի. սակայն ինչպէ՞ս, երբ ամէն քայլափոխի անցարգելներ կան եւ անձնաթուղթերը ստուգող զինուորներ:
Կը նայիմ պաս բարձրացած սա քսանամեայ զինուորին, բուրդէ գլխարկով ու բրդեայ վզնոցով լաւ մը փաթթուած, քիթը կարմրած է, իսկ անձնաթուղթեր ստուգող ձեռքերը` կապտած: Դեկտեմբերի վերջընթեր օրն է, ու ցուրտը կը թագաւորէ: Պասին բացուած դռնէն չոր ու ցամաք քամի մը կը փչէ: Այս անապատային ամայքին մէջ ինչպէ՞ս կը մնան այս զինուորները, տուն-տեղ ձգած սա երիտասարդները, որոնց ճակատագիրը կախեալ է չեմ գիտեր ուրկէ, չեմ գիտեր որմէ: Կը վերադառնա՞ն արդեօք իրենց ընտանիքներուն գիրկը, կը գրկախառնուի՞ն իրենց սիրելիներուն հետ, թէ՞ «սեւ թուղթ» մը կը փոխարինէ զիրենք:
Աստուած իմ, քանի՞ հազար մայրեր լացին այս երեք տարիներուն ընթացքին:
Սա պատերազմը ստեղծողին… Սա պատերազմը սկսողին…
Տոմինոյի սալիկներուն նման իրար ետեւ ինկած են ճամբեզրի ելեկտրասիւները: Տեղահան չեն եղած, պայթեցուած են. անոնց պեթոնէ ոտքերը փշրուած են ու գետին փռուած:
Ուրեմն, ուրկէ՞ ելեկտրականութիւն. այս հաշմուած սիւներէ՞ն, թէ՞ այս փրթփրթած լարերէն:
Չեմ հասկնար, իշխանութեան դէ՞մ կը պայքարին, թէ՞ անզէն ու անօգնական ժողովուրդին, երբ կը քանդեն ու կ՛աւերեն, կը կտրեն հոսանք ու ջուր մատակարարող երակները: Երբ կը փակեն ճամբաները, եւ տարրական ուտեստեղէնի գիները կ՛եռապատկուին ու կը քառապատկուին:
Անձրեւի պէս տեղացող հրասանդները ինչո՞ւ ժողովրդային թաղերու վրայ կ՛իյնան ու անմեղ զոհեր կը խլեն:
Ամէն օր, ամէն ժամ ու վայրկեան մեր ուղեղներուն մէջ կրկնուող սա հարցումները սկսան գլխացաւանք պատճառել: Անպատասխան հարցումներ: Կը նմանին հանդիպակաց պատին զարնուող ու ետ դարձող գնդակներու, որոնք հոգի մաշող, միալար թխկոցներէ զատ, ոչ մէկ ուրիշ ձայն կը հանեն: «Ինչո՞ւ»-ները պատասխան չունին: Չունին, ու չես ալ կրնար ձերբազատիլ անոնցմէ: Ռումբերը դուրսը կ՛իյնան, իսկ հարցումները` ուղեղիդ մէջ:
Ի՞նչ կ՛եփի օտար խոհանոցներու մէջ, մարդ չի գիտեր, սակայն, վախնամ, մինչեւ եփի, ժողովուրդը այրած, գացած կ՛ըլլայ:
Հալէպէն-Պէյրութ ճամբան երկար է ու տաղտկալի կ՛երթամ Ամանորի ու Ծննդեան արձակուրդի օրերը հարազատներուս հետ անցընելու: Քիչ մը հանգիստ, քիչ մը օդափոխութիւն, քիչ մը ուրախ տրամադրութիւն, ապա` վերադարձ:
Տէր Աստուած, վերջակէտ դիր այս մղձաւանջին:

