Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ժամանեց Պէյրութ

Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ

Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր պիտի մնայ մինչեւ վաղը` երեքշաբթի, 14 յունուար 2014:

Պէյրութի մէջ Զարիֆ հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Զարիֆ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը կողմէ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրան բարձր կը գնահատէ Լիբանանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանան դիմադրող երկիր է եւ մնայուն կերպով դիմադրած է ու կը դիմադրէ Իսրայէլին:

«Կան շրջանին դէմ ծառացող շարք մը մարտահրաւէրներ, զորս միասնաբար պէտք է դիմագրաւենք: Կայ ահաբեկչութիւնն ու հաւատադրժողականութիւնը, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ միաւորելով քաղաքական ջանքերը եւ ամրապնդելով երկկողմանի յարաբերութիւնները», ըսաւ Զարիֆ:

Ան շեշտեց, որ Իրան ճիգ չի խնայեր շրջանի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու` աւելցնելով, որ Իրան կը փափաքի Սէուտական Արաբիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները ունենալ:

Զարիֆ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը քաղաքական լուծումն է:

 

Share this Article
CATEGORIES