Պըրրի Ընդունեց Միքաթին Եւ Ապպաս Իպրահիմը

Միքաթի եւ Պըրրի

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:

Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմէն:

Քննարկուեցան երկու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի, որ Լիբանանի մէջ համեմատաբար աւելի փոքր թիւ ներկայացնող համայնքները ստանձնեն ուժային նախարարութիւններ, որովհետեւ այդ համայնքներուն զաւակները  եւս լիիրաւ քաղաքացիներ են եւ ոչ թէ «կիսով լիբանանցիներ»:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը մաղթէ, որ Լիբանանի մէջ կազմուի համախոհական կառավարութիւն մը, որովհետեւ անիկա կ՛օժանդակէ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES