Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը Եւ Կարտինալ Սանտրին

Կարտինալ Սանտրի, նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարք
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախանցեալ օր ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային շարք մը հարցեր:
Ռայի պատրիարքին կ՛ընկերակցէր Վատիկանի մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս պապին ողջոյնները:
Կարտինալ Սանտրի շեշտեց, որ պապը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումին:
CATEGORIES Լիբանանեան

