Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Կը Շարունակուին

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին շարունակեց կառավարութեան կազմութեան իր խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ շաբաթ օր կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող դրական մթնոլորտը շարունակուի եւ արդիւնաւորուի ազգային համախոհութեան կառավարութեան մը կազմութեամբ:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նման կառավարութեան մը անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լիբանանցիներուն առօրեան աւելի հեզասահ ընթանայ, ինչպէս նաեւ երկրին ընկերային եւ կենցաղային հարցերը լուծուին:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տիրող լաւատեսութիւնը հանգստացուցած է նաեւ լիբանանցի քաղաքացին, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն փոխադարձ զիջումներ կատարելու` ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումին:
Սինիորա մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ երեկոյեան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ:
Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ մեկնեցաւ յայտնելով, որ Պըրրիի հետ հանդիպումները միշտ դրական աւարտ կ՛ունենան:
Միւս կողմէ, Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու հոլովոյթը դրական կերպով կ՛ընթանայ:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ կառավարութեան կազմութեան հաղորդակցութիւնները տակաւին առկայ են:
«ԷՆ.ՊԻ.ԷՆ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պըրրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ հանդիպում մը չէ նախատեսուած: Իր կարգին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պըրրի-Սինիորա հանդիպումը այսօր պիտի կատարուի` կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ առկայ ներքին տարակարծութիւններուն պատճառով:

