Հակառակորդը Լռեցուած Է. Կորուստներ Չկան
Ազրպէյճան 10 յունուարի ամբողջ օրուան ընթացքին հայ-ազրպէյճանական սահմանի տարբեր հատուածներուն վրայ խախտած է հրադադարի կանոնները` կրակ արձակելով հայկական մարտական դիրքերու եւ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Ան նշած է, որ կրակահերթերը առաւել աշխուժ եղած են երեկոյեան ժամերուն, սակայն հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է լռեցնել հակառակորդը: Հակառակորդը իր գործողութիւնները իրականացուցած է տարբեր տեսակի զինատեսակներով:
Ա. Յովհաննիսեանի հաստատումով` հայկական կողմը կորուստներ ու վիրաւորներ չունի:
CATEGORIES Հայկական

