Նալբանդեան Այցելեց Քուպա

Ռուիզ եւ Նալբանդեան

Ռուիզ եւ Նալբանդեան

Անցեալ ուրբաթ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Քուպա:

Մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Քուպայի նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահ Ռիքարտօ Քապրիսա Ռուիզի հետ, որ նշեց, որ Քուպայի մէջ ամենայն ջերմութեամբ կը վերաբերին Հայաստանին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ աւելի քան տասը տարուան ընդմիջումէ ետք հայկական առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ ինչպէս երկկողմանի յարաբերութիւններուն, նոյնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան:

Նալբանդեան իր կարգին ընդգծեց, որ իր այցելութիւնը կը նպատակադրէ ամրապնդել Քուպայի հետ հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները, բացայայտելու փոխադարձ գործակցութեան նոր ուղիներ:

Ռուիզ ընդգծեց, որ Քուպա պատրաստակամ է Հայաստանի հետ խորացնելու փոխադարձ գործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ կարելի բոլոր ուղղութիւններով:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Նալբանդեանի հանդիպումը, իր քուպացի գործընկերոջ` Պրունօ Ռոտրիկես Փարիյայի հետ: Վերջինս խնդրեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցել Քուպայի ղեկավար Ռաուլ Քասթրոյի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: Հանդիպման ընթացքին նախարարները վերահաստատեցին իրենց երկիրներուն շահագրգռութիւնը գործուն քայլերու ձեռնարկելու յարաբերութիւններու ամրապնդման, խորացման եւ ընդլայնման նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES