Չեխ Բերդը Անառիկ Պահելու Ցուցանիշով Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

peter-czehՓիթըր Չեխ «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանին օգտակար դարձաւ իր կազմին` Չելսիի, որպէսզի անիկա յաջողի 2 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Հալ Սիթիի նկատմամբ:

Ասիկա 209-րդ մրցումն էր, որ Չեխ անառիկ կը պահէր Չելսիի բերդը: Մրցումին ընթացքին ան յաջողեցաւ անառիկ պահել իր բերդը եւ ատոր շնորհիւ նոր մրցանիշ մը հաստատեց լոնտոնեան ակումբին հետ:

Մէջբերելով Goal.com-ին հրապարակած այս լուրը` Armsport.am հայկական լրատուական կայքը կ՛եզրափակէ նշելով, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Փիթըր Պոնեթթիի, որ Չելսիի հետ 1960-1979 տարիներուն 729 մրցումներէն 208-ին անառիկ պահեց իր բերդը:

Share this Article
CATEGORIES