Ճատրակ` Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն

Հրակ Լախեան (ձախին)

Հրակ Լախեան (ձախին)

Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութեան Լիբանանի մասնակցողներուն թիւը եղաւ 14` հետեւեալ երկսեռ դասակարգերուն մէջ. 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18:

Նախապէս մեր հրապարակած լուրին մէջ նշած էինք, որ իր դասակարգին մէջ Հրակ Լախեան Լիբանանի խումբին առաւելագոյն կէտը ապահովեց, այսինքն` 11 կէտէն 5,5 կէտ:

Այս ախոյեանութեան իր դասակարգին մէջ Հրակ Լախեան արաբական երկիրներու մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES