Ըստ «IFFHS»-ի. Հայնքես Լաւագոյն Մարզիչը, Քլոփ` Երկրորդը
Պայէրն Միւնիխի նախկին գլխաւոր մարզիչ Եուփ Հայնքես ճանչցուեցաւ 2013 տարուան լաւագոյն մարզիչը` ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ («IFFHS»), յայտնեց Armsport.am հայկական լրատուական կայքը` մէջբերելով այդ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջին հրապարակած լուրը:
Նախորդ տարեշրջանին Հայնքես Պայէրն Միւնիխի հետ հեթրիք մը իրագործեց` տիրանալով երեք տիտղոսներու:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ, իսկ երրորդ դիրքը` Տիեկօ Սիմէոնէ (Աթլեթիքօ Մատրիտ):
Իսկ յաջորդաբար չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը գրաւեցին Ալեքս Ֆերկըսըն եւ Փեփ Կուարտիոլա:
CATEGORIES Մարզական

