Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Արաբական Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Համագումարին

nabil-baderԼիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր եւ ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի իրենց մասնակցութիւնը բերին Ապու Տապիի «Ինթըրքոնթինենթըլ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արաբական ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր համագումարին:

Այս համագումարին ընդհանրապէս քննարկուեցաւ 2014 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն հարցը:

Այս առիթով ֆետերասիոնի նախագահ Պատր հանդիպումներ ունեցաւ արաբական ֆետերասիոններու կարգ մը նախագահներու հետ, որոնց հետ փորձեց գտնել այն կարելիութիւնները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ այս մարզաձեւը աւելի զարգացնել:

Share this Article
CATEGORIES