Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ, որոնց ծիրին մէջ անիկա յայտարարեց, որ 8 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 14:00-ին, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին համագումարը: Եթէ պատահի, որ ներկաներուն թիւը կէս+1-ի դրութեամբ մեծամասնութիւն չկազմէ, յաջորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 փետրուարին, նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ:
Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 12-16 փետրուարին տեղի ունենալիք Քուէյթի փինկ փոնկի միջազգային մրցաշարքին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Դուին եւ Աւօ Մումջողլեաններ եւ Մոհամետ Համիէ:
Իսկ 19-23 փետրուարին Քաթարի մրցաշարքին պիտի մասնակցին Ռաշիտ Պըպպօ, Մալեք Թաուիլ, Ահմետ Հիւսէյն Հարպ, Մոհամետ Պաննութ եւ Մէյսա Պըսէյպես:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Արաբական ֆետերասիոնի յանձնախումբին մաս կազմելու համար առաջադրած է հետեւեալ անձերուն թեկնածութիւնը (տարբեր յանձնախումբերու համար). Ժորժ Քուփալի, Ահմետ Արաքժի, Ուիսամ Շիրի, Ֆաթմէ Թըքքօ եւ Նատա Ապտելնուր:

