Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Անցեալին իրագործուած ձեր ծրագիրները ձեզ պիտի մղեն վերանորոգ եռանդով շարունակելու եւ յաւելեալ որոշումներ տալու. պիտի յաջողիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կատարած բարիքները պիտի գնահատուին եւ պիտի վարձատրուիք ի վերուստ: Ոչ մէկ բարի գործ անպատասխան կը մնայ: Շարունակեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մարզական ձեւ մը որդեգրեցէք առաւել աշխուժ զգալու համար: Ունիք նոր ծրագիրներ, որոնց իրագործումը կրնայ քիչ մը ժամանակ պահանջել:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անկիւն մը քաշուած մի՛ մնաք, ունիք լաւ բարեկամներ, անոնց միացէք, բերէք ձեր մասնակցութիւնը անոնց որոշած պտոյտին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տարին նկատեցէք բարի, հաւատք ունեցէք եւ մնացէք լաւատես: Ձեր որոշած գործերը հետապնդեցէք, ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հեռաւոր երկիր մը ապրող հարազատ մը կամ բարեկամ մը կապ պիտի պահէ ձեզի հետ` իր նորութիւնները փոխանցելով ձեզի: Պատասխանեցէք անոր, ձեր նորութիւններուն մասին տեղեկացնելով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք: Ձեր փափաքը յայտնեցէք ձեզի մօտիկ անձի մը, որպէսզի միասնաբար որոշեցէք ձեր երթալիք վայրը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւատեսութիւնը ուրախ կը պահէ ձեզ: Ձեզմէ հեռացուցէք յոռետեսութիւնը, որպէսզի ինքնավստահութեամբ կատարէք ձեր որոշած աշխատանքները:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրելիներով շրջապատուած էք, ունիք ձեզի հիացող անձ մը, որուն առաջարկները պիտի ընդունիք` միասնաբար գործակցելով: Ունիք ապահով շահեր:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրուան աշխատանքը կրնաք ծրագրել, բայց եթէ արգելքներ պատահին, մի՛ խռովիք, այլ նկատեցէք բարի պատահար: Երբեմն չարիք նկատուածը բարի կ՛ըլլայ անկախ մեր կամքէն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մէկ ձեռքով քանի մը գործ կարելի չէ իրագործել: Թեթեւցուցէք ձեր ծրագիրները, ժամանակ տրամադրեցէք իւրաքանչիւր ծրագրի եւ մէկ առ մէկ կատարեցէք: Մի ծանրաբեռնուիք, որովհետեւ անիմաստ է հեւքը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երեխաներու յատուկ պտոյտ մը կազմակերպեցէք, որպէսզի անոնք ուրախանան, նորութիւններու ծանօթանան: Լաւագոյն տեղը բնութիւնն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES