50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1964)

Խմբագրական

Պըշարա Խուրի`
Անկախութեան Դարբինը

Պըշարա Խուրիի մահով փակուեցաւ Լիբանանի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկը: Մարդը, որ անկեղծ հայրենասիրութեամբ եւ անվեհեր կամքով կէս դարէ աւելի պայքարեցաւ այս երկրի անկախութեան համար, ի վերջոյ հանդիսանալու համար անոր գլխաւոր կերտիչը, դարբինը, շիջեցաւ անցեալ շաբաթ գիշեր, ընդհանուր յարգանքի եւ ակնածանքի մթնոլորտ մը ստեղծելով իր շուրջ:

Պըշարա Խուրի` պետական մարդուն գլխաւոր յատկանիշը հանդիսացաւ քաղաքական իմաստութիւնն ու հետեւողականութիւնը, որոնք երբեք չլքեցին զինքը, մանաւանդ ազատագրական պայքարներու շրջանին, երբ իր ամբողջ հեղինակութիւնն ու փորձառութիւնը նժարի մէջ դրաւ` ապահովելու համար Լիբանանի անկախութիւնը:

Քանի մը այլ նուիրեալներու հետ, որոնցմէ ոմանք հրաժեշտ առին այս անցաւոր աշխարհէն եւ ուրիշներ, որոնք դեռ կը շարունակեն ծառայել իրենց երկրին, Պըշարա Խուրի անցաւ շարժումի մը գլուխը, որ անպայմանօրէն պիտի յանգէր իր տրամաբանական վախճանին` Լիբանանի անկախութեան:

Հանգուցեալ նախագահը իր փառքի գագաթնակէտին հասաւ 22 նոյեմբեր 1943-ին, երբ հոգատար իշխանութիւնը, յետս կոչելով իր որոշումը, զինք եւ իրեն բախտակից լիբանանցի միւս ղեկավարները ազատ արձակեց Ռաշայայի բերդէն, վերադարձնելու համար իրենց ժողովուրդին, որ մէկ մարդու պէս փողոց իջած էր ճակատագրական այդ օրերուն, պատրաստ իր արիւնը թափելու հայրենիքի անկախութեան համար:

Պայծառատեսութիւնն ու ուղղամտութիւնը եղան քաղաքական մարդու իր միւս յատկանիշները, որոնցմէ առաւելագոյն չափով օգտուեցաւ Լիբանան մօտ ինը տարի, երբ նորանկախ այս երկիրը կը մտնէր ազգերու ընտանիքը: Արտաքին ու մանաւանդ ներքին ճակատի վրայ հսկայական գործ կար կատարելիք: Հարկ էր թօթափել հոգատարութեան երկարատեւ շրջանի մը պարտադրած լուծը, որ բարքերու եւ պետական սովորութիւններու մէջ մտած էր: Լիբանան, Պըշարա Խուրիի հաստատակամ ղեկավարութեան ներքեւ, առանց ցնցում կրցաւ անցնիլ այդ շրջանէն` ծաղկեցնելու համար երկիր մը, որ արդիական ժամանակներու մէջ կը մտնէր վառ յոյսերով եւ երազներով:

Իր օրով դրուեցան հիմերը արդիական պետութեան մը, որ հետզհետէ պատուոյ տեղ մը պիտի գրաւէր ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, առաւելաբար իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն: Պըշարա Խուրի գլխաւորաբար այս ուղղութեամբ տարաւ իր աշխատանքները,  խորապէս գիտակից այն դերին, զոր Լիբանանը պիտի ունենար վերազարթնող արաբական աշխարհին մէջ:

Իրմով կ՛անհետանայ վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը այն սերունդին, որ ըլլա՛յ Լիբանանի, ըլլա՛յ արաբական աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ, տասնամեակներով պայքարեցաւ նախ օսմանեան տիրապետութեան, ապա հոգատար իշխանութիւններու դէմ: Մարդիկ, որոնք անշուշտ ունեցան իրենց թերութիւնները, երբեմն մինչեւ իսկ անհաղորդ մնացին նոր ժամանակներու պահանջքին, եւ որ սակայն ունեցան հիմնական արժանիքը խոր հայրենասիրութեան մը, որ հետզհետէ, որքան տարիները անցնին, աւելի եւս պիտի պայծառացնէ իրենց դէմքը` արժանի տեղ մը տալով իրենց այս երկիրներու պատմութեան մէջ:

Նախագահութենէն հրաժարելէն մինչեւ իր մահը, ամբողջ տասներկու տարի, նախագահ Խուրի` խորապէս գիտակից այն իրողութեան, թէ այլեւս կատարած է իր դերը եւ դրած վերջակէտը իր քաղաքական գործունէութեան, կամովին հեռու մնաց քաղաքական կեանքէն, քաշուեցաւ Քասլիքի իր ապարանքը` դառնալով յարգելի մենակեացը:

Երախտագէտ հայրենիքը ոսկի տառերով պիտի արձանագրէ այս մեծ մարդուն անունը իր պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջերուն մէջ, որոնք այլապէս հարուստ են հայրենասէր լիբանանցիներու հանրային փայլուն գործունէութեամբ:

Իր մահուան առթիւ ցոյց տրուած յարգանքն ու վիշտը պերճախօս վկայութիւնն են այդ երախտագիտութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES