«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տիկին Սոֆիա Յակոբեան Լեւոն Յակոբեան
Պուրճ Համուտի սրտին մէջ, ազգային երկրորդական գլխաւոր վարժարանը եղաւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, ուր ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստացան իրերայաջորդ սերունդներ: Քոլեճի շրջանաւարտներէն ելան հայ դպրութեան ուխտեալ նուիրեալներ, կրթական հոյլ մը մշակներ, խմբագիրներ, ազգային- հասարակական գործիչներ եւ այլ ասպարէզներու սպասարկուներ` բժիշկ, փաստաբան, գործարար, գիւղատնտես-անասնաբոյծ եւ այլն:
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին շինարարական աշխատանքները սկսան
1962-ին, իսկ բացումը կատարուեցաւ 1964-ին: Շինարարական աշխատանքներու սկսման առիթով «Ազդակ» 25 մայիս 1962-ին եւ «Գիր սիրէ, ղալամ սիրէ…» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
Հայ անզուգական աշուղին` Սայաթ Նովայի զմայլելի տաղէն առնուած մեր խորագիրը անդիմադրելիօրէն կու գայ մեր գրչին տակ, ամէն անգամ որ կը պանծացնենք հայ ժողովուրդի լուսածարաւ հոգին, որ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ հետզհետէ ծաւալող ցանցին մէջ հայկական վարժարաններուն:
Ասոնցմէ վերջինը կը կառուցուի Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ, որուն տարիներու երազը եղաւ ամբողջացնել ազգային նախակրթարաններու կազմը, երկրորդական տիպար վարժարանով մը, որ ոչ միայն պիտի գոհացնէր նորահաս սերունդին բարձրագոյն ուսման ծարաւը, այլ նաեւ հայեցի հարազատ դաստիարակութիւն պիտի տար անոր` պատրաստելու համար վաղուան տիպար հայը:
Այդ երազը իրականութիւն դարձած է այսօր: Իրականութիւն դարձած է, շնորհիւ ազնուասիրտ հայուհիի մը եւ կրթանպաստ հիմնարկութեան մը իշխանավայել նուիրատուութեան, 75,000 տոլարի մեծագումար յատկացումին, որ կ՛ըլլայ հայութեան ընդհանրական մտահոգութիւններուն գծով: Արդարեւ, տիկին Սոֆիա Լ. Յակոբեան, որ մօտ կէս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններով, հայ ժողովուրդի յաւիտենական երախտագիտութեան արժանացաւ վերջին տարիներու ընթացքին, Պուրճ Համուտի ազգային երկրորդական վարժարանի շինութեան նուիրաբերած է 50.000 տոլարի պատկառելի գումար մը, իսկ Քալիֆորնիոյ Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ Սփիւռքի կրթական ճակատին վրայ, յատկացուցած է 25,000 տոլար, անգամ մը եւս տալով վկայութիւնը իր վարիչներու անսահման նուիրումին:
Պուրճ Համուտի ազգային երկրորդական վարժարանը, որ արդարօրէն պիտի կոչուի ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃ, իրագործման գծով, մեծ բան կը պարտի նաեւ Լիբանանի առաջնորդ Բարձ. Տ. Խորէն Ս. արք. Բարոյեանի:
Պուրճ Պամուտի հայութեան կը մնայ իր լայն մասնակցութիւնը բերել քոլեճի շինութեան, որուն հողի գնման համար անհրաժեշտ եղող գումարները պէտք է հայթայթուին տեղւոյն վրայ, հայ ժողովուրդի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ:
Պուրճ Համուտի հայութիւնը, որ ամէնէն հարազատ ներկայացուցիչներէն մէկն է մեր աննման ժողովուրդին, մեր ընդհանրական մտահոգութիւններուն խոր գիտակցութեամբ, պիտի տայ առաւելագոյնը` որպէսզի Պուրճ Համուտի շրջանը եւս օժտուի ազգային տիպար երկրորդական վարժարանով մը, որպէսզի մեր լուսատենչ զաւակները չզրկուին քոլեճական ուսման առաւելութիւններէն:
Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ, կենսական դեր մը վիճակուած է մեզի` լիբանանահայերուս: Այդ դերը լաւագոյնս կրնանք կատարել այն ատեն միայն, երբ գիտնանք արդարացնել զայն, մասնաւորաբար կրթական ճակատի վրայ:
Որովհետեւ այդ մարզին մէջ շահուած յաղթանակ մը, յաղթանակն է ամբողջ հայութեան, անոր ոգիին ու յաւիտենութեան:
***
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բացման առիթով «Ազդակ» 25 հոկտեմբեր 1964-ի թիւով եւ «Տաճար լոյսի» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային Քոլեճին իրագործումը կարելի դարձաւ շնորհիւ իշխանական նուիրատուութեանը քալիֆորնիաբնակ ազնիւ բարերարուհի տիկին Սոֆիա Յակոբեանի, եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, որոնց տրամադրած 75.000 տոլարով, մանկավարժական բոլոր պայմանները լրացնող երկրորդական վարժարան մը կրցանք ունենալ Պուրճ Համուտի մէջ:
Տարիներու երազ մըն է որ կ՛իրականանայ, կոչուած նախախնամական դեր խաղալու հայահոծ այդ շրջանին մէջ, ուր տարիներէ ի վեր կը զգացուէր նման վարժարանի մը անհրաժեշտութիւնը, գոհացում տալու համար ուսման ծարաւ հայորդիներու հետզհետէ աճող թիւին:
Երբ կարելի եղաւ ապահովել ազգային քոլեճի մը շինութիւնը Պէյրութի մէջ, ազգային իշխանութեանց եւ մասնաւորաբար այդ օրուան առաջնորդ` այժմու կաթողիկոս Խորէն Ա. վեհափառի գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ համարժէք վարժարանի մը հաստատումը Պուրճ Համուտի մէջ:
Ի պատիւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան եւ բարերարուհի տիկին Սոֆիա Յակոբեանի, անոնք իրենց կրթանուէր գործունէութեան հիմնական նպատակներէն մէկը նկատեցին այս ձեռնարկը, ըմբռնելով անոր բացառիկ կարեւորութիւնը:
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը ունի բոլոր հնարաւորութիւնները ըլլալու կրթական այն յարկը, որուն ներքեւ պիտի կազմուի վաղուան հայը, առողջ հոգիով ու մաքուր նկարագրով, մանաւանդ շրջանի մը մէջ, ուր խաթարման եւ հոգեկան այլասերման վտանգները չեն պակսիր դժբախտաբար:
Այս քոլեճը, իբրեւ լոյսի տաճար, պիտի հանդիսանայ այն կեդրոնը, որ ուղեցոյց պիտի ծառայէ նոր սերունդին, ոչ միայն անոնց, որոնք պատեհութիւնը պիտի ունենան անոր քուրային մէջ թրծուելու, այլ նաեւ այն հայորդիներուն, որոնք պատկառանքով պիտի մօտենան եւ բարոյական եւ ազգային խոր գիտակցութեան նուիրական վայր մը պիտի տեսնեն անոր մէջ:
Յաջողութիւն կը մաղթենք քոլեճի Խնամակալ մարմնին, որ հոգեւին փարած է գործին, փրկարար դեր կատարելու խոր համոզումով:
Յաջողութիւն նաեւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք նոր եռանդով ու թափով պիտի լծուին աշխատանքի, ի փառս հայ մշակոյթին:
Վստահ ենք, որ իրենց հաւատքին ու նուիրումին մէջ միշտ պիտի վայելեն աջակցութիւնը ազգային պատասխանատու մարմիններուն ու մանաւանդ հայ ժողովուրդին, որոնց քաջալերանքն ու օժանդակութիւնը պիտի չպակսին երբեք:
Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բացումը, յաջողութեան սրտագին մաղթանքներով:
***
«Ազդակ» օրին լայնօրէն անդրադարձած է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Կիրակի, 25 հոկտեմբեր 1964, ժողովրդային խանդավառ ցնծութեան մէջ, հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կրթական հիմնարկութեան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պաշտօնական բացումը:
Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն մինչեւ նորակառոյց քոլեճը, մինչեւ հանրակառքի գիծը, ճամբաները ամբողջութեամբ դրօշազարդուած էին լիբանանեան ազգային դրօշակներով եւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի նկարներով: Անկիւնադարձերուն կանգնուած քառասիւն յաղթական կամարները, առաւել փայլ մը կու տային պարզուող տեսարանին:
Ժամը 8:30-ին, հանդիսաւոր Ս. պատարագը սկսած էր: Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան: «Շողակաթ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի, սքանչելիօրէն կը խմբերգէր քառաձայն երգեցողութիւնը:
Խորէն Ա. կաթողիկոս, ինքնաշարժներու թափօրով եւ մոթոսիքլիստ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, Անթիլիասէն գալով, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան շէնքին առջեւ կը դիմաւորուի քաղաքապետ եւ քոլեճի Խնամակալ մարմնի նախագահ Յակոբ Աշճեանի կողմէ:
Ապա, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու նուագախումբին, սկաուտներու, արենուշներու եւ գայլիկներու գլխաւորութեամբ, մեծաշուք թափօրով, կ՛առաջնորդուի Ս. եկեղեցի: Յաղթական կամարներու տակ եւ եկեղեցւոյ մուտքին ոչխարներ կը զենուին:
Ս. պատարագին ներկայ կ՛ըլլան Մեթնի կուսակալ Ֆաուզի Պարտաուիլ, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Կրթական հիմնարկութեան նախագահ Յովսէփ Փիրումեան, գանձապահ Ժան Կոկեան եւ վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, երեւելի ազգայիններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
«Հայր մեր»-էն առաջ, պատարագիչ սրբազանը աւուր պատշաճի եւ օրուան խորհուրդը իմաստաւորող քարոզէ մը ետք, շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին պատուելու օրուան հանդէսը:
Քարոզէն ետք, Սուրէն վրդ. Գաթարոյեան կը կատարէ վերաբերումը Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակին, ուղղուած Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանին:
Առաջնորդ սրբազանը, կատարելէ ետք կոնդակին ընթերցումը, կը յանձնէ Յովսէփ Փիրումեանին:
Յաւարտ Ս. պատարագի, նախագահութեամբ վեհափառ հօր կը կատարուի հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն Լեւոն Յակոբեանի եւ Յակոբեան ընտանիքի բոլոր ննջեցեալներուն համար:

Առաջին ուսուցչական կազմը
Այնուհետեւ, վեհափառ հայրը, առաջնորդ սրբազանի եւ հիւրերու ընկերակցութեամբ թափօրով կ՛առաջնորդուի քոլեճ: Նախքան բակ մուտքը, ոստիկան-զօրաց ջոկատ մը զինուորական պատիւներ կ՛ընծայէ եւ նուագախումբը կը հնչեցնէ ազգային քայլերգն ու Յառաջ նահատակը: Ոչխար մը կը զենուի եւ խանդավառ ծափերու մէջ, վեհափառը մուտք կը գործէ դաշտէն ներս:
Քոլեճի մուտքին առջեւ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի կ՛ունենայ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Յոտնկայս ունկնդրուելէ ետք լիբանանեան ազգային քայլերգը, նախագահ Յ. Աշխեան իր բացման խօսքին մէջ յանուն Խնամակալ մարմնի, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսականներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին գերազանցապէս հայադրոշմ քոլեճի մը հանդիսաւոր բացումը, եւ աւելցուց, թէ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը նախախնամական դեր ունի կատարելիք հայաշատ այս կեդրոնին մէջ, ուր պիտի կերտուի վաղուան հայը, գիտակից քաղաքացին, ազնիւ մարդը, պատրաստ ազգանուէր զոհողութիւններու, առողջ հոգիով եւ ամուր նկարագրով:

Առաջին շրջանաւարտները
Այնուհետեւ Բիւզանդ Կռանեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան եւ նախագահին, յայտնելով, թէ ազատ աշխարհի մէջ Լիբանան դարձած է հայութեան կեդրոն, հայկականութեան միջնաբերդ: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վեհափառ հօր, առաջնորդ սրբազանին, պետական հայ երեսփոխաններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, Խնամակալ մարմնին:
Պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան, արաբերէն լեզուով հայ ժողովուրդի զգացումներուն թարգմանը հանդիսացաւ լիբանանեան կառավարութեան եւ անոր լուսամիտ նախագահին` Շարլ Հելուի: Շնորհակալութիւններ յայտնեց նաեւ Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ Սոֆիա Յակոբեանի: Իր խօսքի վերջաւորութեան ըսաւ, թէ այս կրթական հաստատութիւնը պիտի ծառայէ Լիբանանի օգտին:
Խօսք առաւ Մեթնի կուսակալ Ֆաուզի Պարտաուիլ: Իր խօսքի ընթացքին ան խանդավառ ծափերու մէջ յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի լիբանանեան Մայրիներու առաջին կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Հայ կրթական հիմնարկութեան նախագահ Յովսէփ Փիրումեանը եւ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանը:
Վերջին խօսողը եղաւ վեհափառ հայրապետը: Իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ նախադասութիւններով.
Հայ ժողովուրդի դարաւոր իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Կը կամենաս, կը կամենաս եւ կ՛ունենաս». մենք ալ ժողովուրդ Հայոց Պուրճ Համուտի, կամեցանք, կամեցանք եւ ունեցանք:
Այնուհետեւ վեհը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Հայ կրթական հիմնարկութեան, Սոֆիա Յակոբեանին, Խնամակալ մարմնին, ուսուցչական կազմին, ուսանողութեան, Պուրճ Համուտի պատուական հայութեան, լիբանանեան հայրենիքին, նախագահ Շարլ Հելուին, կառավարութեան եւ կուսակալին:
Ապա, Ֆաուզի Պարտաուիլ, աւանդական ժապաւէնը կտրելէ ետք, ներկաները բարձրացան Գէորգ Գարաճրճեանի ճարտարապետութեամբ կառուցուած քառայարկ եւ հոյակապ շէնքը, աչքէ անցուցին բոլոր բաժանմունքները եւ հիւրասիրուելէ ետք, լաւագոյն գոհունակութեամբ մեկնեցան:
Խնամակալ մարմինը ի պատիւ վեհին եւ Կրթական հիմնարկութեան վարիչներուն ճաշկերոյթ մը տուաւ քոլեճի սրահին մէջ, որու ընթացքին բաժակաճառեր խօսեցան վեհափառ հայրապետը, առաջնորդ սրբազանը, Կրթական հիմնարկութեան վարիչները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը եւ Ազգ. քաղաքական ժողովի ատենապետ տոքթ. Յ. Գասապեան, որ յայտնեց, թէ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մըն է նաեւ, հայաշատ այս կեդրնին մէջ ունենալ Ազգային հիւանդանոց մը:
Ընդհանուր ծափերու մէջ, վեհափառ հայրապետը Փիրումեանին յանձնեց Մայրիներու Ազգային կարգի շքանշանը, փոխանցելու Սոֆիա Յակոբեանին:

