Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նորածիններու Մահացութեան Թիւի
Նուազեցման Աշխատանքներ

IMG_8269«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, «Պըրթլինք» կազմակերպութեան տնօրէն Քեթի Մելըրը եւ Հայաստան գլխաւոր ջղաբան Պավել Մազմանեանը այցելեցին Արարատի մարզի Վետիի եւ Արտաշատի հիւանդանոցներու նորածնային խնամքի բաժանմունքներ: Այս հիւանդանոցները օժտուած են վերակենդանացման արդիական համակարգով` նորածիններու շտապ օգնութեան ու խնամքին համար նախատեսուած բոլոր սարքաւորումներուն:

Յղութեան ընթացքին կամ վաղաժամ ծննդաբերութեան ընթացքին անկանխատեսելի բարդութիւններու պարագային նորածիններուն կեանքը փրկելու համար ծննդատուները յատուկ սարքաւորման կարիք ունին:

Այս սարքաւորումները թոյլ կու տան պահպանելու նորածինի մարմնի ջերմաստիճանը եւ կայունացնելու կամ ապահովելու օրկանիզմի կենսագործունէութիւնը մինչեւ, որ ան տեղափոխուի մարզկեդրոնի կամ Երեւանի համապատասխան բժշկական հաստատութիւն: Կեանքի վտանգ ներկայացնող խնդիրներով տառապող երեխաները, որոնք ծնելէ անմիջապէս յետոյ համապատասխան խնամք կը ստանան, հետագային կրնան այլեւս չենթարկուիլ միջամտութիւններու: Այս սարքաւորումներն են, որ կ՛երաշխաւորեն անոնց առողջ ապագան:

«Ծրագիրն ուղղուած է Հայաստանում նորածնային մահացութեան կրճատմանը: Այդ նպատակին հասնելու համար ամենակարեւոր քայլը մարզերում բժշկական ծառայութիւնները  բարելաւելն ու մատչելի դարձնելն է: Ծրագրում ներառուած` մարզերի եւ մայրաքաղաք Երեւանի հիւանդանոցներն արդէն ապահովուել են կենսական կարեւորութիւն ունեցող սարքաւորումներով: Մարզերում, յատկապէս սահմանամերձ բնակավայրերում, միշտ առկայ է բուժծառայութիւնների աշխարհագրական հասանելիութեան խնդիրը: Շատ յաճախ նորածիններին Երեւան` ժամանակակից սարքաւորումներով ապահոված հիւանդանոց տեղափոխելն անարդիւնաւէտ է` ժամանակի կորստի պատճառով: Ծրագրի արդիւնքում կը նուազեն մայրաքաղաքի հիւանդանոցներ երեխաներին տեղափոխելու դէպքերը եւ դրա հետ կապուած ծախսերը: Մարդիկ մարզերում պէտք է ունենան բժշկական ծառայութիւններ ստանալու հաւասար հնարաւորութիւններ, յատկապէս, երբ խօսքը վերաբերում է նորածիններին», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» արդէն վեց տարի է շարունակ կը համագործակցի «Պըրթլինք» կազմակերպութեան` ՀԿ հետ` նպաստելով Հայաստանի մէջ մանկական մահացութեան մակարդակի նուազեցմանն ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Այս ժամանակաշրջանին Հայաստանի 34 բժշկական հաստատութիւններու, 12-ը Երեւան եւ 22-ը մարզեր, տեղադրուած է մօտ 465 միլիոն դրամ ընդհանուր արժողութեան սարքաւորում: Մասնագէտներու համաձայն, դրական արդիւնքները ակնյայտ են:

Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Որբերու
Միջազգային Օգնութեան Վերաբերող
Նոր Լուսանկարներ

Vorper1Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերով, երեւանաբնակ ընտանիքներէն մէկուն մօտ յայտնաբերուած են 17 լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն միջազգային մարդասիրական գործունէութեան մասին` Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Այս մասին յայտնած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի լրատուական ծառայութենէն: Թրքական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան զոհ դարձան նաեւ տասնեակ հազարաւոր հայ մանուկներ, իսկ կենդանի մնացածները դարձան անօգնական եւ որբ:

Vorper2Բռնի թրքացման եւ իսլամացման նպատակին ծառայեցին նաեւ յատուկ այդ նպատակով թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուած որբանոցները: Ցեղասպանութենէն ետք հայկական եւ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անհատ բարերարներ տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով փորձեցին փրկել հայութեան բեկորները: Սկիզբ առաւ մարդկութեան մարդասիրական պատմութեան մէջ աննախադէպ փրկարար առաքելութիւն մը, որուն նպատակն էր փրկել բռնի թրքացուած եւ իսլամացուած հազարաւոր հայ մանուկները եւ կիները:

Այդ առաքելութեան լծուածներուն առաջին շարքերուն վրայ էր «Ամերիկեան մերձաւոր արեւելեան նպաստամատոյց կազմակերպութիւնը» («Նիր Իսթ ռիլիֆ»), որ հիմնուած է 1915-ին: Յայտնաբերուած լուսանկաները կը ներկայացնեն կազմակերպութեան որբախնամ գործունէութիւնը Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս` Գիւմրի), Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ: Այս լուսանկարները իսկապէս իրենց յատուկ տեղը ունին համաշխարհային մարդասիրական պատմութեան տարեգրութեան մէջ:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Տարուան Աւագ Սերունդի Լաւագոյն Քաղաքական Գործիչ

0630hranushԴեկտեմբեր 27-ին «Անալիտիկ» վերլուծական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Աւագ սերունդին վերաբերող քաղաքական-հասարակական  մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփումով` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը արժանացած է «Տարուան աւագ սերունդի լաւագոյն քաղաքական գործիչ» անուանակարգին առաջին մրցանակին:

Մրցումին նպատակն էր բացայայտել պետական, քաղաքական, հասարակական ոլորտներու առաջատարներուն, ներկայացնել ոլորտի պատասխանատուներուն աշխատանքը, հասարակութեան վերաբերմունքը եւ խրախուսել հասարակութեան բարձր գնահատականին արժանացած գործիչները:

Նշենք, որ մրցոյթը, որուն մասնակցած են հասարակութեան բոլոր շերտերը, կայացած է ելեկտրոնային քուէարկութեամբ`  11 անուանակարգերով:

2013-Ին Յառաջընթաց Արձանագրուած Է
Գիրքի Հրատարակութեան Բնագաւառին Մէջ

27 դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամփոփուած են 2013-ին Հայաստանի մէջ կատարուած գիրքի հրատարակչական աշխատանքները, որոնց մէջ աշխուժ ներդրում ունեցած են «Անտարես», «Զանգակ 97», «Սարգիս Խաչենց», «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւնները:

«Անտարես» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արքմենիկ Նիկողոսեան` անդրադառնալով իրենց հրատարակչութեան 2013-ի գործունէութեան նշած է, որ այս տարի մեծ թիւով արդի գրողներու գիրքեր հրատարակուած է` Մանէ Գրիգորեանի, Ռուզաննա Ոսկանեանի ժողովածուները, իսկ քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ Կարէն Անտաշեանի նոր ժողովածուն:

«Անցեալ տարի նշած էինք, որ գեղարուեստական գրականութենէն բացի ուշադրութիւն պիտի դարձնենք գրականագիտութեան, որ գործիք է տպագրուող գրականութիւնը ընթերցելու, եւ 2013-ին երկու հրաշալի գիրք տպագրած ենք` Վաչէ Եփրեմեանի` «Բնագիր Եւ Մեկնութիւն» գիրքը եւ Ազատ Եղիազարեանի` «Սասնայ Ծռեր Էպոսի Պոէտիկան», որ դիւցազներգութեան ընթերցման բանալին է», դիտել տուած է Արքմենիկ Նիկողոսեանը: Ըստ անոր, վերջին երեք տարիներուն, ամէնէն աւելի որդեգրուած դրութիւնը թարգմանական ուղղութիւնն է, որուն զուգահեռ կայ հեղինակային իրաւունքի օրինականութեան կարեւորութիւնը մեր իրականութեան մէջ:

Այս տարի գրող-ընթերցող, գրող-հրատարակիչ կապին առնչութեամբ եւս յառաջընթաց արձանագրուած է, դիտել տուած է գրականագէտը եւ ուրախութեամբ նշած, որ այժմ գիրքերու վաճառքը աւելցած է, որուն իբրեւ արդիւնք այսօր գիրքերու տեսականիի բազմազանութիւն  կայ: Ա. Նիկողոսեան յատկապէս նշած է. «Ընդամէնը 2 ժամուան ընթացքին, Արմէն Օհանեանի «Կիկոսի վերադարձը» վաճառուեց 225 օրինակով»:

«Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան իր կարգին դիտել տուած է, որ Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ համագործակցաբար ստեղծուած են լսատեսողական գիրքեր: «Շուտով Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս պիտի տեսնէ կոմերցիոն հրատարակութիւն` Գուրգէն Խանճեանի «Ենոքի Աչքը», միւս կողմէ շուտով որոշ գրախանութներ, ինչպէս մարզերու, այնպէս ալ Երեւանի, կը փակուին` հսկիչ դրամարկղային մեքենաներու պատճառով, որովհետեւ անոնց գինը շատ բարձր է»:

Հրատարակչութեան տնօրէնը լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ բազմաթիւ նամակներ կը ստանան ընթերցողներէն, որոնք փափաք կը յայտնեն ունենալու թարգմանութիւնը արդի հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն, որովհետեւ իրենք կը դժուարանան հայերէն կարդալ, սակայն կը փափաքին ընթերցել ժամանակակից գրականութիւն, եւ «Անտարես»-ը ստանձնած է կատարել արդի հրատարակութեան թարգմանութիւնը ռուսերէնի:

«Գրանիշ» գրական ակումբի հիմնադիր Կարէն Անտաշեանը ցաւով յայտնած է, որ 2013-ի կեանքէն հեռացած են շարք մը գրողներ` Յովհաննէս Գրիգորեանը, Վաչիկ Եփրեմեանը, Վրէժ Իսրայէլեանը, Լեւոն Անանեանը եւ այլք: «Գրանիշ» ակումբի խմբագիր, գրականագէտ Յասմիկ Յակոբեան տարին ամփոփած է դրական նորութեամբ. «Գրանիշ» գրական ակումբը ստեղծած է նոր նախագիծ` ժամանակակից հայ գրականութիւնը թարգմանական հարթակներու վրայ ներկայացնելու համար: Granish.am կայքին մէջ պիտի ներկայացուին հայ գրողներու թարգմանուած ստեղծագործութիւնները` առայժմ անգլերէն լեզուով»:

Նշենք, որ «Անտարես» հրատարակչութիւնը գիրքի վաճառքը խթանելու համար ստեղծած է բաժանորդագրութեան դրութիւն, որուն համաձայն, գիրք գնողը կը ստանայ 25 տոկոսի զեղչ: Բաժանորդագրուող անձերը նաեւ կարելիութիւն պիտի ունենան ներկայ ըլլալու հրատարակչական բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Ասուլիսի աւարտին շարք մը լրատուամիջոցներ ստացան «Գրքի բարեկամ» մրցանակ:

«Համահայկական Տոհմածառ» Նախագիծը

Վերջերս «Ռատիոլուր»-ի թղթակից Արտակ Բարսեղեան անդրադարձած է ընտանեկան տոհմածառերուն ներկայացուցած կարեւորութեան եւ արժէքին: Ան գրած է. «Իւրաքանչիւրիս կը հետաքրքրէ իր ընտանիքի պատմութիւնը` որո՞նք եղած են մեր նախնիները, ինչո՞վ զբաղած են: Շատերը սկսած են կազմել իրենց տոհմածառը: Վերջերս, ես որոշեցի կազմել մեր ընտանիքի տոհմածառը: Հարցուփորձ ընելով հարազատներուս եւ բարեկամներուս` յաջողեցայ «հասնիլ» մինչեւ հօրս պապուկին հօրը, որուն անունը հիմը եղած է մեր ազգանունին: Այսպիսով` կրցայ հասնիլ մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը:

«Ընդհանուր առմամբ` մեր տոհմածառին մէջ հաւաքեցի 95 մարդ: Իսկ ահա համացանցի վրայ գործող «Համահայկական տոհմածառ» նախագծի շրջանակներուն մէջ ականատես եղայ 1400-է սկիզբ առնող տոհմածառին, ուր կայ աւելի քան 1700 անձ:

Նախագիծի համահիմնադիր Լիլիթ Մակարեան նշած է, որ կայքին վրայ կայ մօտաւորապէս 30 հազար արձանագրուած տոհմածառ: Հետաքրքրական է, որ անոնց կարգին են նաեւ այլազգի մարդոց տոհմածառերը:

Տոհմածառի միջոցով կարելի կ՛ըլլայ գտնել հեռաւոր բարեկամներ եւ բացայայտել ընտանիքի պատմութեան նոր էջերը: Վերջերս նախագիծը կազմակերպած էր մրցում, որուն համաձայն, պէտք է որոշուէին մեծագոյն եւ հնագոյն հայկական տոհմածառերը: Մեծագոյնը նկատուած է Չիլինգարեաններ-Մամիկոնեաններու տոհմածառը` 1600-է աւելի անունով, իսկ տոհմածառի աւագը ծնած է 1650 թուականին, հնագոյն տոհմածառն ալ Աթարբէկեաններու ընտանիքն էր, որուն մասին առաջին վկայութիւնը 615 թուականէն է:

«Համահայկական տոհմածառ» նախագիծը արդէն իսկ ստացած է միջազգային ճանաչում, ինչ որ կը բացատրէ օտար տոհմածառերու ներկայութիւնը կայքին վրայ: Նախագիծի ծիրին մէջ կը կատարուին  տոհմաբանական եւ ծագումնաբանական մասնագիտական հետազօտութիւններ, որոնց ընդմէջէն կը կատարուին ուսումնասիրուող տոհմին վերաբերող հաւաստի տուեալներու յայտնաբերում, ուսումնասիրութիւն, փորձաքննութիւն:

«Համահայկական տոհմածառ» նախագիծը նպատակ ունի յիշեցնել մեզի` մեր սեփական ընտանիքներու պատմութեան կարեւորութիւնը եւ տրամադրել միջոցներ` այդ բոլորը բացայայտելու եւ ժառանգորդներուն փոխանցելու:

Լիբանանեան Գործարարները Հայաստանի
Տնտեսութեան Մէջ
Կատարած Են 400 Միլիոն Տոլարի Ներդրում

Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոնը բարձր գնահատած է 2013-ին հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու մակարդակը` լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի աճող ներկայութիւնը հայկական տնտեսութեան մէջ: «Հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են: Անոնք ներկայիս աւելի կը բարելաւուին, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու մերձեցման», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է դեսպանը: Անոր համաձայն, երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը կ՛աճի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ` հեռահաղորդակցութիւն, դրամատնային, առեւտուր եւ զբօսաշրջութիւն: Լիբանանեան մասնաւոր հատուածին Հայաստանի մէջ կատարած ներդրումները կը կազմեն մօտաւորապէս 400 միլիոն տոլար: Դեսպանը ողջունած է Պէյրութ- Երեւան վերսկսած օդային հաղորդակցութիւնը, որ կարելիութիւն կու տայ լիբանանահայերուն` առանց դժուարութեան հայրենիք գալու: «Միտըլ իսթ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան թռիչքներով այս տարուան ընթացքին աւելի քան 5 հազար լիբանանահայեր Լիբանանէն գացած են Հայաստան:

Ժան Մաքարոնի համաձայն, Հայաստանը եւ Լիբանանը նաեւ երկկողմանի սերտ համագործակցութիւն ունին քաղաքական ոլորտին մէջ: «Հայաստան կ՛աջակցի Լիբանանին` քաղաքական բոլոր հարցերուն մէջ, իսկ Լիբանանը, իր կարգին, կ՛աջակցի Հայաստանի քաղաքական բոլոր նախաձեռնութիւններուն», դիտել տուած է դեսպանը` վկայակոչելով 2011 եւ 2012 թուականներուն Լիբանանի եւ Հայաստանի նախագահներու փոխադարձ այցելութիւններուն ընթացքին հաստատուած բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը, որուն ծիրին մէջ ստորագրուած են «Դիւանագիտական եւ ծառայողական անձնագիրներով առանց մուտքի արտօնագիրի միմեանց տարածքներ այցելելու մասին», «Բարձրագոյն կրթութեան եւ ակադեմական աստիճաններու վկայագիրներու փոխադարձ ճանաչման մասին» համաձայնագիրները:

Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Լիբանանի հայ բնակչութեան` ընդգծելով, որ հայերը Լիբանանի մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրած են, յատկապէս առեւտուրի եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ, ինչ որ կարեւոր հենք է Լիբանանի տնտեսութեան համար:

Դեսպան Ժան Մաքարոն դրական նկատած է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ հայ խաղաղապահներուն ակնկալուող մասնակցութիւնը Լիբանանի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան: «Խաղաղապահները, ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ ամէնուր, ուր անոնք տեղակայուած են, կարեւոր դեր կը խաղան լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ խաղաղութիւնը խթանելու առնչութեամբ», յայտնած է դեսպանը:

Viva-cell-logo1

 

Share this Article
CATEGORIES