Նամականի

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Որոշած էի այսօր (10 յունուար) ներկայ գտնուիլ  «Ազդակ»-ի 2014-ի բացառիկին նուիրուած հանդիպումին, սակայն վերջին պահու պատահած անակնկալ մը արգիլեց այդ հաճոյքը: Ահա թէ ի՛նչ պիտի ըսէի, եթէ ձեզի հետ ըլլայի.

Կարդացի  «Բացառիկ»-ի յօդուածներէն շատերը եւ անշուշտ պիտի շարունակեմ կարդալ մնացեալները եւս: Այս թիւը իր կարգին  կ՛երկարէ շարքը այն գեղեցիկ աւանդութեան, որ տասնամեակներէ ի վեր ստեղծուած է «Ազդակ»-ի ճիգերով եւ որ նոր որակ ստացաւ ներկայ անձնակազմի անկեղծ ու հետեւողական ճիգերով: Առանց թերագնահատելու սփիւռքահայ միւս թերթերու ճիգերը` այս ուղղութեամբ, կրնամ հանգիստ ըսել, որ «Ազդակ» կը գրաւէ  պատուոյ դիրք մը, որ բնորոշ է իրեն եւ  ամէն տարի քիչ մը աւելի կ՛ամրապնդուի: Կարելի է նաեւ անվարան ըսել, թէ իւրաքանչիւր բացառիկ ինքնուրոյն ու նոր նուաճում մըն է, որուն պատիւը կ՛երթայ անոր անձնակազմի բոլոր անդամներուն անխտիր:

Եթէ թոյլ տաք պիտի ընեմ հետեւեալ թելադրանքները.

ա) Մաղթելի է, որ տարին մէկ անգամ ալ կազմակերպուի «Ազդակ օրաթերթի ընթերցողներու օր» մը, յորում  խմբագրութիւն եւ ընթերցողներ քով-քովի գան, զրուցեն թերթիդ տարեկան հունձքին մասին: 365 օր դուք է, որ կը թելադրէք ձեր պատգամը, մէկ օր ալ ազնուութիւնն ու հասունութիւնը ունենաք լսելու ձեր ընթերցողներուն կարծիքն ու տեսակէտը ձեր մասին: Այս մօտեցումով` «Ազդակ»-ը կրնայ ազնիւ յառաջամարտիկի դեր մը կատարել, քանի ուրիշ թերթեր նման բան չեն ըներ, գիտեմ:

բ) Ազնիւ ըլլաք պատասխանելու այն բոլոր նամակներուն, որոնք կը հասնին ձեզի: Իւրաքանչիւր նամակ կը կրէ տագնապ մը, եւ նամակագիրը պատասխան մը կամ լուծում մը կ՛ակնկալէ ձեզմէ: Դուք իրաւունք չունիք լռելու.  պարտաւոր էք համապատասխան պատուախնդրութիւնն ու գիտակցութիւնը ունենալու եւ պատասխանելու այդ նամակներուն` թէկուզ աղ ու պղպեղ բովանդակեն անոնք: Դուք կրնաք չգիտնալ, սակայն մենք` ընթերցողներս, շատ լաւ գիտենք, թէ որքա՜ն շինիչ, հաճելի ու հետաքրքրական են  ընթերցող-խմբագրութիւն երկխօսութիւնները, որոնք գրեթէ բացակայ են «Ազդակ»-ի էջերէն ու աւանդոյթներէն: Լաւագոյն պարագային` դուք կը հրատարակէք ինչ որ յաւուր պատշաճի նամակ մը` առանց աւելցնելու ձեր խօսքը, որուն այնքան պէտք ունի ընթերցողը:

գ) Դուք ազատ էք հրատարակելու կամ չհրատարակելու յօդուած մը, որ կը հասնի ձեզի: Այն պարագային, ուր կ՛որոշէք չհրատարակել զայն, պէտք է բաւականաչափ ազնիւ ըլլաք երկու տողով իմացնելու յօդուածագիրին կամ աշխատակիցին, թէ ինչո՛ւ չէք հրատարակեր  անոր տուեալ յօդուածը: Ես չեմ ըսեր, որ իւրաքանչիւր տոմսի առթիւ նամակագրութիւն պահէք գրողին հետ, սակայն երբ խնդրոյ առարկայ է 10-15 էջնոց ուսումնասիրութիւն մը, որ «չի յարմարիր» ձեր աշխարհահայեացքին, գափարախօսութեան եւ արժեչափերուն, ապա երկու տողով իմացնէք այս բոլորը անոր հեղինակին, որ սանկ-նանկ ամիս մը աշխատած է այդ գրութեան վրայ: Այս գործակցութեամբ` հաւանաբար գտնուի ձեւը` հարթելու թիւրիմացութիւնները եւ փրկելու տուեալ աշխատասիրութիւնը:

Ահա այն քանի մը միտքերը, զորս կ՛ուզէի փոխանցել այս ազնիւ հաւաքին:

Շնորհակալութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES