Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Առեւանգուած Տարեց Հայորդի Գալուստ Համբարձումեան Ազատ Արձակուեցաւ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 14 յունուար 2014-ի յետմիջօրէին Հալէպի մէջ ազատ արձակուեցաւ 84 տարեկան Գալուստ Համբարձումեան:
Նշենք, որ Համբարձումեան երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ին առեւանգուած էր:
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Հոգեհանգստեան
Արարողութիւն` Հայր Եւ Որդի Յովհաննէս Եւ
Մինաս Լեւոնեաններու Հոգիներուն Համար
Նախապէս հաղորդած էինք Յովհաննէս եւ Մինաս Լեւոնեաններու սպանութեան լուրը: «Բերիոյ նիուզ» յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ այս առնչութեամբ` նշելով, որ մօտաւորապէս չորս ամիս առաջ հայր եւ որդի Յովհաննէս եւ Մինաս Լեւոնեանները, որ պատանդ բռնուած էին Հալէպէն մօտ քսան քիլոմեթր հեռաւորութեան գտնուող իրենց գործարանին մէջ` ճարտարարուեստական շրջան հանդիսացող Սֆֆէ շրջանին մէջ, արմատական իսլամական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալներուն կողմէ սպաննուած են:
Չորս ամիս անոնք պատանդ մնալէ ետք, չորեքշաբթի, 8 յունուար 2014-ին, երկու զինեալ խմբաւորումներու բախումներու պատճառով հայր եւ որդի Յովհաննէս (1945-ի ծնունդ) եւ Մինաս (1975-ի ծնունդ) Լեւոնեանները սպաննուած են Հալէպի մէջ արմատական իսլամական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալներու բանտերէն մէկուն մէջ` հարիւրէ աւելի այլ պատանդներու հետ:
Քանի մը օրէ ի վեր սպաննուած Լեւոնեաններու ազգականները ամէն ջանք ի գործ դրին, որպէսզի կարենան իրենց հարազատները առեւանգող կողմէն դիակները ստանձնել եւ կարենալ թաղմանական արարողութիւնը ընել, սակայն չյաջողեցան:
Երէկ` երեքշաբթի, 14 յունուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ընտանիքն ու հարազատները ցաւակցութիւնները ընդունեցին հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Զուարթնոց) «Աղաճանեան» սրահին մէջ:

