Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Եւ Անիպալ Քաշուեցան Ախոյեանութենէն

Լիբանանեան մամուլը հաղորդեց, որ Անդրանիկ Պէյրութ եւ Անիպալ Զահլէ քաշուեցան Ա. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութենէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ անոնք ուղղակիօրէն փոխադրուեցան Բ. դասակարգ:

«Ժատիտ Սփոր»-ի համաձայն, անոնք երկուքն ալ պաշտօնական նամակով մը իրենց որոշումը փոխանցեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարութեան:

Կը կարծուի, որ այդ որոշումին գլխաւոր պատճառը նիւթականն է: Երկու ակումբներն ալ տնտեսական տագնապի մատնուած ըլլալով, որոշեցին չմասնակցիլ ախոյեանութեան:

Ասիկա կը նշանակէ, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ տասը խումբերուն միջեւ. Շանվիլ, Ռիատի, Սաժես Պէյրութ, Մութթահետ Թրիփոլի, Պիպլոս, Ամշիթ, Պըժժէ, Հուփս, ՀՄԸՄ եւ Թատամոն Զուք:

Share this Article
CATEGORIES