Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Քոթանճեան` Առաջին Դիրքին Վրայ

KotanjianTigran-2Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, Տիգրան Քոթանճեան առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ` ապահովելով մրցաշարքի իր 2,5 կէտը, յաղթելէ ետք Աւետիք Գրիգորեանին:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, իր կարգին Շուշանայ Սարգսեան առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ` ապահովելով առաւելագոյն երեք կէտը:

Ստորեւ` 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

ՏՂԱՔ  
Տիգրան Պետրոսեան – Լեւոն Փապուճեան 1-0
Աւետիք Գրիգորեան – Տիգրան Քոթանճեան 0-1
Ռոպերթ Յովհաննիսեան – Զաւէն Անդրէասեան 1-0
Կարէն Գրիգորեան – Սամուէլ Տէր Սահակեան 1-0
Հրանդ Մելքումեան – Արման Փաշիկեան 0,5-0,5

 

ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Նարինէ Գասպարեան – Սիրանուշ Ղուկասեան 1-0
Աննա Հայրապետեան – Մարիա Գէորգեան 0,5-0,5
Անահիտ Գէորգեան – Սվեթլանա Միրզաբեկեան 0-1
Արմինէ Պապայեան – Յասմիկ Ղամփարեան 1-0
Սիւզանա Կապոյեան – Շուշանայ Սարգսեան 0-1

 

 

Share this Article
CATEGORIES