«Փաստաբանին Հետ Անվճար Հանդիպումները Կը Միտին Օժանդակել Օրինական Եւ Պաշտօնական Ոլորտներուն Մէջ Խորհրդատուութեան Կարիք Ունեցողներուն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ճորճ Գրիգորեան
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` գործակցաբար «Ուիլ Փաուըր Լեպանոն» միութեան եւ «Մեփի»-ի հետ, շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ առիթ պիտի տայ փաստաբանի խորհուրդի կամ ցուցմունքի կարիք ունեցողներուն անվճար կերպով տեսակցելու փաստաբաններու հետ եւ իրենց ունեցած հարցերուն անհրաժեշտ բացատրութիւններ ու խորհուրդներ ստանալու:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու միտումով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեանի հետ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պատճառով կամ մտահոգութեամբ քաղաքապետարանը նման նախաձեռնութեան մը դիմեց` Ճորճ Գրիգորեան ըսաւ. «Երկու հիմնական մտահոգութիւն կայ: Առաջինը այն է, որ մարդիկ կ՛ունենան օրէնքի վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, որոնց ճիշդ լուծումները չեն գիտեր. դժբախտաբար մեր հասարակութեան մէջ կան բազմաթիւ անձեր, որոնք օրինական տարրական կէտերուն անծանօթ են, չեն գիտեր իրենց իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, չեն գիտեր ինչպէ՛ս կարելի է իրենց կացութեան վատթարացումը կանխարգիլել: Օրինական եւ պաշտօնական ոլորտներուն մէջ հասարակութեան փորձառութիւնը շատ քիչ է: Մեր միտումն է այս իմաստով օժանդակել անոնց:
«Երկրորդը այն է, որ Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ շատ մը երկիրներու մէջ տակաւին չկայ փաստաբան ունենալու մշակոյթը: Արեւմուտքի մէջ ամէն մարդ ունի իր հաշուապահը, ընտանեկան բժիշկն ու փաստաբանը, որուն կը դիմէ որեւէ հարցի (մեծ թէ փոքր) պարագային, անոր խորհուրդը, կարծիքը կ՛առնէ: Մենք այդ մշակոյթը չունինք, ասոր պատճառները տարբեր են, ատոր մէջ չխորանանք: Իրականութիւն է, որ կայ կարիք մը, բազմաթիւ անձեր ունին հարցեր, որոնց օրինական եւ պաշտօնական լուծումները չեն գիտեր: Որպէսզի այս մարդոց օգտակար ըլլանք, փաստաբանի հետ անվճար խորհրդակցութեան դրութիւնը ստեղծեցինք: Դժբախտաբար միջոցները չկան, որ ասիկա մնայուն եւ յաճախակի ըլլայ, բայց ասիկա եւս կրնայ իր օգտակարութիւնը ունենալ:
«Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով է, որ 2 օրուան ընթացքին 16-20 փաստաբանուհիներ որեւէ հարց ունեցող անձի հետ պիտի տեսակցին, պիտի ծանօթանան անոր հարցերուն եւ կարծիք, խորհուրդ, խրատ, բացատրութիւն կամ ցուցմունք պիտի տան»:
Ճ. Գրիգորեան նաեւ յայտնեց, որ այս երկու օրերուն կրնան քաղաքապետարան ներկայանալ ո՛չ միայն լիբանանցիները, այլ նաեւ սուրիահպատակները, օտարահպատակները. ոեւէ անձ, որ կարիքը ունի խորհուրդի կամ ցուցմունքի: Օրինակ, եթէ սուրիահպատակներ Լիբանանի մէջ գործի պիտի ձեռնարկեն կամ պաշտօնեայ են եւ որոշ տեղեկութիւններու կարիք ունին, չեն գիտեր ո՛ւր պէտք է դիմեն, ի՛նչ միջոցներու պէտք է ձեռնարկեն եւ այլն, կրնան իրենց փնտռած բացատրութիւնները ունենալ այս խորհրդակցութիւններուն ճամբով: Փոխքաղաքապետը սակայն շեշտեց, որ ներկայացուած հարցերը պէտք է վերաբերին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու եւ լիբանանեան օրէնքներուն առնչուած ըլլան:
Ներկայացողները իրենց հետ պէտք է ունենան իրենց հարցին վերաբերող փաստաթուղթերը, որպէսզի կարենան փաստաբանին հարցումներուն պատասխանել, լուսաբանութիւններ տալ, եւ եթէ փաստաբանը կարիք ունենայ մանրամասնութիւններ ուսումնասիրելու, այդ բոլորը ունենան իրենց տրամադրութեան տակ:
«Ազդակ»¬ի հարցումներէն էր այն, որ եթէ փաստաբանին անմիջական խորհուրդէն աւելիին կարիք զգացուի, որոշ պարագաներու անլոյծ մնացած հարցերու հետապնդում կատարել անհրաժեշտ ըլլայ, քաղաքապետարանը պիտի նախաձեռնէ՞ այդ մէկուն:
Ճորճ Գրիգորեան ըսաւ. «Նախ շեշտեմ, որ այս խորհրդակցութիւնները խորհրդապահական բնոյթ պիտի ունենան. փաստաբանին եւ տուեալ անձին միջեւ նիստը պիտի ըլլայ դռնփակ. երբ ան ներկայացնէ իր հարցը, փաստաբանը իրեն խորհուրդ պիտի տայ, բացատրութիւն պիտի տայ տուեալ հարցին օրինական կանոններուն մասին եւ այս հարցը հետապնդելու ձեւերուն մասին` ուղղութիւն տալով այն մասին, թէ ո՛ր պետական գրասենեակը կամ կառոյցը կը լուծէ տուեալ հարցը: Փաստաբանը նաեւ պիտի ճշդէ իրաւունքներու հարցը, տուեալ հարցը լուծելու լաւագոյն միջոցն ու ուղին: Կրնայ պատահիլ, որ փաստաբանին ներկայացուած հարցը այնքան ալ պարզ չ՛ըլլար, կարիք ըլլայ աւելի խոր ուսումնասիրութիւն կատարելու: Այս պարագային փաստաբանները ժամադրութիւն պիտի տան խնդրոյ առարկայ անձին, որպէսզի անոնք տուեալ օրը կրկին գան քաղաքապետարան եւ փաստաբաններուն կողմէ ուսումնասիրուած թղթածրարին արդիւնքին ծանօթանան: Իսկ եթէ դատի երթալու կարիք կայ, ատիկա իւրաքանչիւր անձ իր փաստաբանին միջոցով պէտք է ընէ: Փաստաբանները հոս խորհուրդ տալու եկած են, ոչ թէ դատը ստանձնելու: Դատարան երթալու համար փաստաբանին պէտք է յատուկ լիազօրագիր տրուի, ինչ որ չէ պարագան մեր խորհրդատուական հանդիպումներուն»:
Փոխքաղաքապետին հարցուցինք, որ եթէ սպասուածէն շատ աւելի մեծ թիւով անձեր ներկայացան, երկու օրերը անբաւարար եղան, կրկին նման նախաձեռնութեան մը դիմելու միտում գոյութիւն ունի՞:
«Նկատի ունենալով, որ դիմողներու ճիշդ թիւ չունինք, նաեւ ժամադրութիւն տալու դրութիւն չենք կրնար հաստատել, որովհետեւ մէկը կրնայ 5 վայրկեանէն աւարտել իր խորհրդատուական հանդիպումը, ուրիշի մը պարագային ուսումնասիրութեան կարիք ըլլայ, ատոր համար ալ ժամերը ճիշդ կարելի չէ սահմանել: Իւրաքանչիւր անձ թիւ պիտի ստանայ եւ հերթով ներկայանայ փաստաբանին: Եթէ կարիք ըլլայ յաւելեալ հանդիպումներու, պիտի փորձենք նոր ժամադրութիւններ ապահովել եւ կրկնել այս նախաձեռնութիւնը», ըսաւ Ճ. Գրիգորեան:
Անոր համաձայն, ներկայացուած հարցերը կրնան ըլլալ անձնական կարգավիճակի (ամուսնութիւն, ամուսնալուծում, ժառանգ), կալուածային (հող, խանութ, յարկաբաժին), վարձքերու, քրէական, աշխատանքի իրաւունքի, ընկերային ապահովագրութեան, արտօնագիրներու, տուրքերու եւ այլն: Ամէն տեսակ հարց, որ օրէնքի կամ պետական դիւանակալութեան, թղթաբանութեան, պաշտօնական թուղթերու, արտօնագիրներու հետ առնչութիւն ունենայ:

