Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Ժընեւ

VEHAPARԵրկուշաբթի, 13 յունուար 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Ժընեւ` ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի:

Վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած մտահոգութիւններուն շուրջ` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին լոյսին տակ: Այս գծով, վերջին օրերուն վեհափառը խորհրդակցած էր Ռայի պատրիարքին (մարոնի), Եազիժի պատրիարքին (յոյն ուղղափառ) եւ Զաքքա պատրիարքին (ասորի ուղղափառ), ինչպէս նաեւ համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ` քրիստոնեայ համայնքներու հաւաքական տեսակէտները եւ մօտեցումները յստակեցնելու ու համադրելու առաջադրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES