Հարաւային Քորէա Միացեալ Նահանգներուն 900 Միլիոն Տոլար Պիտի Վճարէ Ամերիկեան Զօրքի Ներկայութեան Դիմաց
«Ռոսիյսքայա կազեթա» օրաթերթը` վկայակոչելով հարաւային քորէական «Մուխվա Իլպօ» օրաթերթի անդրադարձը, կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ Սէուլ իւրաքանչիւր տարի 900 միլիոն տոլար պիտի վճարէ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք այդ երկրին տարածքին աւելի մեծ զինուորական ներկայութիւն պիտի ունենան:
Միացեալ Նահանգներ իրենց զօրքերու թիւը մեծցնելու կողքին (ներկայիս 28,500), մեծցուցած են նաեւ վճարման չափը. մինչեւ հիմա Սէուլ հինգ տարի 869.5 միլիառ վոն կը վճարէր:
Ուաշինկթըն պահանջած է եւ ապահոված, որ այդ գումարը 950 միլիառ վոն` շուրջ 900 միլիոն տոլար ըլլայ: Ըստ որոշ տեղեկութեանց, Միացեալ Նահանգներ սկիզբը 1 եռիլիոն վոն պահանջած են:
Միացեալ Նահանգներ եւ Հարաւային Քորէա համաձայնութիւն գոյացուցած են 10 յունուարին: Վճարման այդ չափը պիտի գործէ հինգ տարի:
CATEGORIES Միջազգային

