«Տոմոտետովօ» Օդակայանին Մէջ Ազրպէյճանցի Նախկին Պաշտօնատար Մը Ձերբակալուած Է

Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանը

Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանը

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայանին մէջ Ռուսիայէն հեռանալ փորձելու ժամանակ ձերբակալուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին պաշտօնատար մը:

Պաշտօնատարը կը մեղադրուի 125 հազար տոլար մսխելու յանցանքով: Անոր դէմ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է: Ձերբակալութիւնը կարելի դարձած է Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ «Ինթըրփոլ»-ի միջեւ համագործակցութեան շնորհիւ:

Ըստ «Վրեմիա»-ի, խնդրոյ առարկայ անձը 2010-ին Ազրպէյճանի մէջ նշուած գումարը իւրացուցած է խարդախ գործողութիւններու միջոցով: 2011-ին ան յաջողած է կեղծ փաստաթուղթերով մուտք գործել Ռուսիա:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարը, որուն ինքնութիւնը բացայայտուած է, սակայն անունը չի նշուիր, արդէն ռուսական քրէական մեկուսարանի մէջ է:

Share this Article
CATEGORIES