Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Չինաստան Համաշխարհային Առեւտուրի Ծաւալներով Շրջանցած Է Միացեալ Նահանգները

China«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, որ Չինաստան 2013-ի արդիւնքներով առաջին անգամ ըլլալով համաշխարհային առեւտուրին մէջ յառաջատար դարձած է` շրջանցելով Միացեալ Նահանգները եւ տարին աւարտելով առեւտուրի մրցանշային ցուցանիշներով:

Օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, անցեալ տարի Չինաստանի ներածման եւ արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 4.16 եռիլիոն տոլար` 2012-ի համեմատ 7.6 առ հարիւրի աճ արձանագրելով:

Միացեալ Նահանգներու նոյն ցուցանիշները յայտնի պիտի դառնան փետրուարին, սակայն ըստ տարուան 11 ամիսներու տուեալներուն, Միացեալ Նահանգներու ներածման եւ արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 3.57 եռիլիոն տոլար:

Ասիկա կը վկայէ, թէ Չինաստան Միացեալ Նահանգներէն յառաջ անցած է եւ դարձած աշխարհի մեծագոյն առեւտրական երկիրը:

Share this Article
CATEGORIES