Չինական Իշխանութիւնները 2013-ին 182 Հազար Պաշտօնեայ Պատժած Են Անկարգապահութեան Համար

ChineseԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան` կարգապահութեան վերահսկման հարցերով կեդրոնական յանձնախումբի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ անցեալ տարի 182 հազար չինացի պաշտօնեաներ կարգապահական խախտումներ արձանագրած են, ինչ որ 13.3 առ հարիւրով գերազանցած է 2012-ի ցուցանիշը:

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ դէպքերու մեծ մասին պարագային (շուրջ 150 հազար) Չինաստանի համայնավար կուսակցութիւնը բաւարարուած է կարգապահական պատժամիջոցներով: 48.9 հազար պաշտօնեաներ ենթարկուած են վարչական պատասխանատուութեան:

Զեկուցումին հեղինակները անջատ կերպով կը նշեն, որ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ հետաքննութիւն ընթացք առած է:

 

Share this Article
CATEGORIES