Միացեալ Նահանգներ 1960-ական Թուականներուն Ճափոնի Մէջ Կենսաբանական Զէնք Փորձարկած Են
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի զինուորականները 1960-ականներու սկիզբը կենսաբանական զէնքի փորձարկում կատարած են Ճափոնի հիւսիսը` ներկայ Օքինաուա շրջանի տարածքին մէջ:
1961-1962-ին ամերիկացի զինուորները կատարած են առնուազն 10 փորձարկում, որոնց ընթացքին անոնք յատուկ սունկ տարածած են բրինձի դաշտերուն մէջ:
Փորձագէտներուն գնահատումով, այդ սունկը կրնայ ամէն տարի ոչնչացնել այնպիսի քանակութեամբ բրինձ, որ բաւարար է 60 միլիոն մարդ կերակրելու համար:
Միեւնոյն ժամանակ չի նշուիր, թէ արդեօք այդ փորձարկումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու ռազմական կայանի տարածքի՞ն, թէ՞ ատոր սահմաններէն դուրս:
CATEGORIES Միջազգային

