Անկախանալու Պարագային Սկովտիան Պէտք Է Վճարէ Բրիտանական Պարտքերը
«Ռաշա Թուտէյ»-ի ռուսական ծառայութիւնը` յղում կատարելով Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ այս տարուան սեպտեմբերին Սկովտիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երկրի անկախութեան մասին հանրաքուէն: Անկախութիւն ստանալու պարագային նորանկախ պետութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ վճարելու Բրիտանիոյ ունեցած իր պարտքերը:
Լոնտոնի պաշտօնատարները անկախութեան կողմնակիցները կը զգուշացնեն, որ յաղթանակի պարագային անոնց կը սպասէ երկար եւ մանրամասն բանակցութիւններ:
Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը նշէ, որ անհրաժեշտ է Բրիտանիոյ եւ Սկովտիոյ կառավարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր ելեւմտական յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկել:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի պարտքի չափը:
Սկովտիան իր անկախութիւնը կորսնցուցած է 18-րդ դարուն:
Քամերոն Փութինէն Կը Խնդրէ Օգնել
Սկովտիան Պահելու Հարցին Մէջ
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի կառավարութիւնը դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` աջակցութիւն խնդրելով Սկովտիոյ վէճին առնչութեամբ, որովհետեւ վերջինս կ՛ուզէ դուրս գալ Բրիտանիոյ կազմէն:
«Ռաշա Թուտէյ» կը նշէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ Բրիտանիա շատ հետաքրքրուած է Սկովտիոյ անկախութեան հանրաքուէին Ռուսիոյ աջակցութեամբ, մանաւանդ որ Ռուսիան այս տարուան ընթացքին պիտի նախագահէ Ութերու խմբակին:
Ութերու խմբակը զարգացած արդիւնաբերութիւն ունեցող երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական համախմբումն է, որուն կազմին մէջ են Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Ճափոնը, Գերմանիան, Քանատան եւ Իտալիան:
Քամերոնի օգնականը խօսած է Սկովտիոյ հաւանական անկախութեան մասին` իբրեւ իրադարձութիւն մը, որ իր արձագանգը պիտի ունենայ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
Ի պատասխան Քամերոնի` Ռուսիոյ աջակցութիւնը ստանալու վերաբերեալ ցանկութեան, Սկովտիոյ առաջին նախարարը նշած է. «Այդ հաղորդագրութիւնները անգամ մը եւս առիթ կ՛ընծայեն բրիտանական կառավարութեան քուլիսային խաղերուն անդրադառնալու»:
Սկովտիոյ անկախութեան հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 18 սեպտեմբերին: Անկախութեան կողմնակիցներու յաղթանակին պարագային արդէն 2016-ին Սկովտիան պիտի կարենայ դառնալ անկախ պետութիւն եւ դուրս գալ Բրիտանիոյ կազմէն:

