«Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Կողմէ Մոլտաւիոյ Եւ Վրաստանի Դէմ Ճնշումի Բանեցումը Պիտի Չհանդուրժէ» Կ՛ըսէ Լիթուանիոյ Նախագահը

Տալիա Կրիպաուսքայթէ
Rosblat.ru կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէ Սթրազպուրկի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ կողմէ «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներուն վրայ տնտեսական ճնշման գործադրումը պիտի չհանդուրժէ:
Ըստ անոր, ապագային Ռուսիոյ կողմէ տնտեսական ճնշում կարելի է ակնկալել նաեւ արեւելեան այլ գործընկերներու, օրինակ` Մոլտաւիոյ եւ Վրաստանի նկատմամբ:
«Ճնշման միջոցները, որոնք բանեցուած են արեւելեան գործընկերներու, ներառեալ` Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ նկատմամբ, անհանդուրժելի են: Ազգերը պէտք է իրենց ապագային վերաբերեալ որոշումներ տալու ազատ ընտրութիւն ունենան», ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի ըսած է Լիթուանիոյ նախագահը:
Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն բաց, արգասաբեր համագործակցութեան միջոցով ռազմավարական յարաբերութիւններ զարգացնել:

