Էշթըն Յառաջիկայ Շաբաթներուն Ընթացքին Պիտի Այցելէ Իրան

Քեթրին Էշթըն

Քեթրին Էշթըն

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթըն մտադիր է յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին այցելելու Իրան:

«Ես կը պատրաստուիմ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Իրան այցելելու», Քուէյթի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Էշթըն:

Նախապէս Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավարը հրաւիրուած է Իրան` յանուն Վեցեակին:

Ատիկա կը նշուէր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի բաց հրաւէրին մէջ: Էշթըն «հետաքրքրութեամբ ընդունած է» հրաւէրը, յայտնած է անոր ներկայացուցիչը` նշելով, որ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավարը նախապէս ցանկութիւն յայտնած էր Թեհրան այցելելու:

Օպամա. «Իրանի Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու
Հաստատման Ժամանակը Չէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սպանիոյ վարչապետին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ ինք դէմ է Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման:

Օպամա ընդգծած է, որ նոր պատժամիջոցներու հաստատման ժամանակը չէ: Պէտք է առիթ տալ դիւանագիտութեան, որ կարենայ իր պտուղները ունենալ:

Նշենք, սակայն, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը համամիտ չէ Օպամայի հետ եւ մտադիր է նոր պատժամիջոցներ հաստատել Իրանի դէմ:

Էրտողան Իրան Պիտի Այցելէ

Թրքական «Վաթան» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 28 յունուարին պիտի մեկնի Իրան: Ան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:

Մինչ այդ, Էրտողան 20-21 յունուարին պիտի այցելէ Պելճիքա: Պրիւքսէլ կատարելիք իր այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք Թեհրան այցելութեան ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ ան Ռուհանին հրաւիրէ Թուրքիա:

Ռուհանիի պատասխան այցելութիւնը կ՛ակնկալուի փետրուարին:

Share this Article
CATEGORIES