Տաւութօղլու Թուրքիոյ Մէջ Փտածութեան Գայթակղութեան Համար Կը Մեղադրէ Ֆրանսան Եւ Բրիտանիան
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Մեծ կաշառք» անունը ստացած փտածութեան գայթակղութեան համար մեղադրած է Ֆրանսան եւ Բրիտանիան:
Տաւութօղլու Փարիզէն մեկնելէ առաջ` անդրադառնալով 17 դեկտեմբեր 2013-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղմկայարոյց ձերբակալութիւններուն, յայտնած է. «Վերջին 11 տարիներուն ընթացքին Թուրքիա մեծ հզօրութեան հասած է, ինչ որ կ՛անհանգստացնէ բազմաթիւ երկիրներ, սակայն յատկապէս` Ֆրանսան եւ Բրիտանիան: Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն մէջ կայ նաեւ արտաքին ուժերու ազդեցութիւնը, եւ անոնք օգտագործեն դպրոցներու խնդիրը իբրեւ պատրուակ»:
Տաւութօղլու խօսած է համալսարանական ընդունելութեան նախապատրաստող դպրոցներու խնդիրին մասին, որուն շուրջ ալ կը ծաւալէր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Կիւլենական շարժման ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլենի միջեւ տագնապը:
Անդրադառնալով աշխարհի շուրջ 170 երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող կիւլենական դպրոցներուն` Տաւութօղլու յայտարարած է. «Արտասահմանեան այցելութիւններու ծիրին մէջ մենք կ՛այցելէինք այդ դպրոցները: Սկզբնական շրջանին երկիրներու ներկայացուցիչները ուսումնական այդ հաստատութիւնները անուանած են «համայնքի դպրոցներ», ապա` «Ֆեթհուլլահ Կիւլենի դպրոցներ», իսկ այժմ կ՛ըսեն, թէ իրենց դպրոցներն են»:
«Այնպիսի դրութիւն ստեղծուած է, որ արդէն չենք հասկնար` որո՛ւ կարելի է վստահիլ: Սկսած ենք բոլորին կասկածով վերաբերիլ», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ իրենք շրջահայեաց են եւ պիտի յաղթահարեն նաեւ այս փորձութիւնը:
«Մենք չենք կրնար ընդունիլ այն կառոյցը, որ վնաս կը հասցնէ պետութեան: Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ պետութիւնը անցնի անոնց ձեռքը», յայտարարած է Ահմեթ Տաւութօղլու:
Էրտողան. «Թուրքիոյ Մէջ
Ժողովրդավարութիւնը Վտանգուած Է»
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարած է, որ «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը սպառնալիքի տակ է»:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ իրականացուած այսպէս կոչուած «հակափտածութիւն գործողութիւնները» ուղղուած են ոչ միայն իշխող կուսակցութեան, այլ նաեւ ամբողջ երկրին դէմ:
«Եթէ չդադրեցուի գործունէութիւնը նման խմբաւորումներու, որոնց նպատակը կառավարութեան թուլացումն է, ապա ապագային այդ քայլերը պիտի կրկնուին», ըսած է Էրտողան` պնդելով, որ այդ ամէնը տեղի կ՛ունենայ մարտին նախատեսուած քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախօրեակին:
Էրտողան նշած է, որ Թուրքիա պիտի կարենայ յաղթահարել այդ խնդիրները:

