Թուրքիոյ Մէջ Գործողութիւններ` Քայիտայի Դէմ

Turkey«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութիւնը հակաահաբեկչական գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալած է երեք մարդիկ, որոնք ենթադրաբար Քայիտայի անդամներ են:

Հակաահաբեկչական գործողութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Վանի, Ատանայի, Քիլիսի, Այնթապի եւ Կեսարիոյ մէջ: Երկրին տարածքին կատարուած գործողութիւններուն ընթացքին առնուազն 23 անձեր ձերբակալուած են:

Կը հաղորդուի, որ Վանի մէջ ձերբակալուած են Քայիտայի բարձրաստիճան դէմքերէն երկուքը:

Share this Article
CATEGORIES