Պըրրի – Շարպել Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահէն իմացած է, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով ամէն ինչ կարգին կ՛ընթանայ եւ ցարդ խոչընդոտներ չկան:
Շարպել մաղթեց, որ կառավարութիւնը կարելի ըլլայ կազմել եւ Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած ապահովական լուրջ տագնապէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

