Սալամ Ընդունեց Փաուլին

Փաուլի եւ Սալամ
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ ինք Սալամի փոխանցած է Ֆրանսայի ողջոյնները` բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ մաղթանքները` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որուն Լիբանան կարիքը ունի:
Փաուլի յայտնեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, հանրապետութեան նախագահին եւ բանակին, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցի ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն, որոնք կը միտին երկրին կառավարութեան համար աշխատանքային ծրագիր մը մշակել:
Փաուլի շեշտեց, որ Փարիզ չի փափաքիր միջամուխ դառնալ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան:
Փաուլի նաեւ հաստատեց, որ Ֆրանսա կը մաղթէ, որ լիբանանցիները կառավարութեան մը շուրջ համաձայնին:
Թամմամ Սալամի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ:

