«Ապտալլա Ազզամ» Փաղանգներ. «Մաժետի Ծրագիրները Պիտի Շարունակուին Գործադրուիլ Իրանի Եւ Անոր Կուսակցութեան Դէմ»
«Ապտալլա Ազզամ» փաղանգները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, որ իրենց նախկին ղեկավարին` Մաժետ Մաժետի ծրագիրը պիտի շարունակուի Իրանը եւ անոր կուսակցութիւնը հարուածելու իմաստով:
Հաղորդագրութիւնը անդրադարձաւ Մաժետի կեանքին տարբեր հանգրուաններուն եւ Եմէնէն Քուէյթ իր փոխադրութիւններուն, անոր իրագործած «նուաճումներուն» եւ ի վերջոյ անոր ձերբակալութեան ու մահուան:
Հաղորդագրութիւնը թուարկեց Մաժետի կողմէ Լիբանանի մէջ կատարուած գործողութիւնները, որոնց մաս կը կազմէր իրանեան դեսպանատան դէմ կատարուած գործողութիւնը, որ ուղղակիօրէն ծրագրուած էր Մաժետ Մաժետի կողմէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

