Սաատ Հարիրի – Լաւրով Հանդիպումին Մասին

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցած կիրակի օրուան հանդիպումին մասին Մոսկուայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, թէ հանդիպումին ընթացքին Լաւրով հաստատած է Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը, ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Միջին Արեւելքը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Սուրիոյ տագնապը եւ Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Մոսկուայի հաղորդագրութեան համաձայն, Լաւրով հաստատած է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ քաղաքական համախոհութիւնը պահպանելու Ռուսիոյ յանձնառութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է անպայման իրականացնել լիբանանցիներուն կամքը` առանց արտաքին ճնշումներու ենթարկուելու:

Share this Article
CATEGORIES