Վրէժ Սապունճեան Եւ Նիքոլա Նահհաս Կը Շեշտեն Ճարտարարուեստի Մարզին Կարեւորութիւնը

Սապունճեան - Նահհաս հանդիպումէն պահ մը

Սապունճեան – Նահհաս հանդիպումէն պահ մը

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս երէկ ճարտարարուեստի նախարարութեան մէջ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Սըլաաթայի երկաթի գործարանի վարչութեան պետ Ֆարժալլա Քֆուրի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆուատ Ֆլայֆել, ինչպէս նաեւ զոյգ նախարարութիւններուն մէջ գործող պատասխանատուներ:

Հանդիպումէն ետք Վ. Սապունճեան եւ Նահհաս շեշտեցին ճարտարարուեստի մարզին կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անիկա կը կազմէ երկրին տնտեսութեան ողնասիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ Սըլաաթայի երկաթի գործարանին աշխատանքին շարունակութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ նախագահական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք անիշխանութեան հաւանականութեան առնչութեամբ: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` կանխարգիլելու համար անիշխանութիւնը:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց պետութեան նկատմամբ իր հաւատքը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետական հաստատութիւնները  հզօրացնելու կարեւորութիւնը` յանձնառու մնալով օրէնքին եւ պահպանելով Լիբանանի բազմազանութիւնը:

Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան կալուածներու ներդրումներ կատարողները քաջալերեց կառուցելու ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններ, որոնք ըստ անոր շահաբեր են:

Share this Article
CATEGORIES