Պէյրութի Մէջ . «Իրան Յանձնառու Կը Մնայ Արաբական Երկիրներուն, Յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ Հետ Իր Յարաբերութիւններուն Ամրապնդումին» Շեշտեց Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ

Զարիֆ եւ Սալամ

Նախագահ Սլէյման եւ Զարիֆ
Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ նախանցեալ օր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց շարք մը հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Զարիֆը, որուն ընկերակցեցաւ իրանեան պատուիրակութիւնն ու Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Զարիֆ բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան պահպանման ջանքերը, ի մասնաւորի հանրապետութեան նախագահին ճիգերը` կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը եւ պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան յանձնառու կը մնայ արաբական երկիրներուն եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումին:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց Իրանի դերակատարութիւնը` շրջանային եւ միջազգային առումով, ընդգծելով Իրանի կողմէ արաբական երկիրներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյման կարեւոր նկատեց նաեւ, որ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովը կարենայ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում ապահովել եւ ազգային ինքնորոշման առիթ տայ սուրիացի ժողովուրդին:
Զարիֆ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:
Զարիֆ Պըրրիի յանձնեց Իրան այցելութեան հրաւէր մը` ուղղուած Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ:
Մուսայթպէի մէջ, Զարիֆ եւ իրանեան պատուիրակութիւնը ընդունուեցան նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զարիֆ հանդիպում չունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` նկատի ունենալով, որ վերջինս մեկնած էր Սէուտական Արաբիա` ուխտագնացութեան:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը այցելեց Հարաւային արուարձաններ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հըզպալլայի զինուորական թեւի նահատակ պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի եւ իրանեան դեսպանատան պայթումին պատճառով զոհուածներու դամբարաններուն:
Կիրակի երեկոյեան Զարիֆ հանդիպում մը ունեցած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուած էր նաեւ դեսպան Ապատի:
Քննարկուած էին լիբանանեան եւ շրջանային ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Զարիֆ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Զարիֆ շեշտեց, որ Լիբանան եւ Իրան, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրները ունին հասարակաց մարտահրաւէրներ, զորս պէտք է միասնաբար դիմագրաւեն` հիմնականին մէջ պայքարելով ահաբեկչութեան, հաւատադրժողական շարժումներուն եւ ծայրայեղութեան դէմ:
«Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Զարիֆ շեշտեց, որ այդ իմաստով Իրանի վրայ պարտադրուած որեւէ նախապայման մերժելի է:
Զարիֆ ընդգծեց նաեւ, որ Թեհրան կառչած կը մնայ շրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու սկզբունքին:
Նշենք, որ Զարիֆ իր կեցութեան վայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Այդ մասին Ժոմպլաթ իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի կողմէ ցուցաբերուած բացուելու քաղաքականութիւնը կը ծառայէ արաբական երկիրներու շահերուն:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու ղեկավար Մաժետ Մաժետ ամբողջ աշխարհին վտանգ կը սպառնար:
Ժոմպլաթ նաեւ նշեց, որ Զարիֆի հետ հանդիպումին ընթացքին իրեն համար յստակ էր լիբանանեան ազգային միասնականութեան, Լիբանանի կայունութեան եւ համախոհական կառավարութեան կազմութեան նկատմամբ Իրանի յանձնառութիւնը:
«Միջին Արեւելքի մասին Զարիֆի կատարած յայտարարութիւնները շատ կարեւոր էին, որովհետեւ անոնք ցոյց տուին, որ Թեհրան պատրաստ է բոլորին հետ երկխօսութիւն կատարելու, եւ ատիկա կը ծառայէ արաբներու եւ իսլամներու շահերուն», ըսաւ Ժոմպլաթ:

