Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Կը Մնայ Կազմուելու Ընթացքին Մէջ

Սինիորա եւ Պըրրի
Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, որոնք սակայն լիբանանեան հանրային կարծիքին սեփականութիւնը չդարձան:
Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է` նշելով, որ քննարկուած են լիբանանցիները յուզող շարք մը հարցեր:
«Հանդիպումը լաւ էր եւ շինիչ, իսկ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, այն յոյսով, որ կարելի ըլլայ առաջնորդուիլ ճիշդ ուղիով», ըսաւ Սինիորա:
Սինիորայի հետ հանդիպումին մասին Պըրրի յայտնեց, որ ինք կը հաստատէ այդ մասին Սինիորայի կեցուածքները:
Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն առումով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ միացեալ կեցուածքի անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելած էր Սէուտական Արաբիա, ուր յստակ ցուցմունքներ ստացած էր կառավարութեան կազմութեան առումով:
«Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ սէուտական դերակատարութիւնը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան յանձնառութիւն:

